Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Մարդահամարի Նախնական Տուեալներով` ՀՀ Մշտական Բնակչութեան Թիւը Կազմած Է 2 Միլիոն 928 Հազար 914

Մարդահամարի Նախնական Տուեալներով` ՀՀ Մշտական Բնակչութեան Թիւը Կազմած Է 2 Միլիոն 928 Հազար 914

by MassisPost

2022 թուականի Հոկտեմբերի դրութեամբ Հայաստանի մշտական բնակչութիւնը 2 միլիոն 928 հազար 914 մարդ կազմած է: Այս թիւին մէջ ներառուած են այն մարդիկ, որոնք սովորաբար Հայաստան կը բնակին, սակայն մինչեւ մէկ տարի ժամկէտով բացակայած են երկրէն:

Վիճակագրական Կոմիտէն հրապարակած է անցեալ տարի իրականացուած մարդահամարին նախնական տուեալները` բացի մշտական բնակչութեան թիւէն, ներկայացնելով նաեւ առկայ բնակչութեան ցուցանիշը: Մարդահամարի պահին Հայաստան գտնուող անձերու թիւն ալ 2 միլիոն 638 հազար 917 կազմած է:

Վերջին անգամ մարդահամար կատարուած էր 2011-ին: Այս տարիներու ընթացքին մշտական բնակչութեան թիւը նուազած է շուրջ 90 հազարով, իսկ հարցումներու կայացման պահուն այստեղ գտնուողներունը` գրեթէ 233 հազարով:

Հոկտեմբերին կատարուածը անկախ Հայաստանի պատմութեան երրորդ մարդահամարն է:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment