Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՀՀ-ն Որդեգրած Է Խաղաղութեան Օրակարգը` Զայն Յենելով ՀՀ Միջազգայնօրէն Ճանչցուած Տարածքի Վրայ․ Փաշինեանի Ուղերձը Մայիս 9-ի Առիթով

ՀՀ-ն Որդեգրած Է Խաղաղութեան Օրակարգը` Զայն Յենելով ՀՀ Միջազգայնօրէն Ճանչցուած Տարածքի Վրայ․ Փաշինեանի Ուղերձը Մայիս 9-ի Առիթով

by MassisPost

Հայաստանի կառավարութիւնը որդեգրած է խաղաղութեան օրակարգը` զայն յենելով Հայաստանի Հանրապետութեան միջազգայնօրէն ճանչցուած տարածքի վրայ, Մայիս 9-ի՝ Երկրորդ Աշխարհամարտին, Հայրենական մեծ պատերազմին ֆաշիզմի նկատմամբ դաշնակից երկիրներու տարած յաղթանակի 79-րդ տարեդարձին առիթով իր ուղերձին մէջ յայտարարած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։

Գործադիրի ղեկավարը նշած է՝ այսօր կ՛ոգեկոչեն ոչ միայն ֆաշիզմի դէմ մղուած պայքարին, այլեւ Հայաստանի Հանրապետութեան պետականութեան, անկախութեան, ինքնիշխանութեան համար իրենց կեանքը տուած նահատակներուն:

«Շարունակում եմ համոզուած մնալ, որ նրանց յիշատակի յաւերժացման ամենաարժանի գործն ազատ, երջանիկ եւ բարեկեցիկ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը լինի: Եւ մենք դժուար, բայց հաստատուն քայլերով շարժւում ենք դէպի այդ նպատակը»,- ըսած է վարչապետը։

Փաշինեանը նաեւ Ազգային Ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանի եւ օրէնսդիր ու գործադիր մարմինի անդամներուն ուղեկցութեամբ այցելած է «Յաղթանակ» զբօսայգի, յարգանքի տուրք մատուցած է զոհերու յիշատակին։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment