Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Սերկէյ Ղազարեանը Նշանակուած Է Արցախի Արտաքին Գործերու Նախարար

Սերկէյ Ղազարեանը Նշանակուած Է Արցախի Արտաքին Գործերու Նախարար

by MassisPost

Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործերու նախարար նշանակուած է Սերկէյ Ղազարեանը, յայտնեցին Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի Տեղեկատուութեան Գլխաւոր Վարչութենէն:  Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի մէկ այլ հրամանագրով Դաւիթ Բաբայեանը ազատուած է Արցախի արտաքին գործերու նախարարի ժամանակաւոր պաշտօնակատարի պաշտօնէն: Սերկէյ Ղազարեանը մինչ այս կը զբաղեցնէր Հայաստանի մէջ Արցախի մշտական ներկայացուցիչի պաշտօնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment