Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանը «Forbes»-ի Կողմէ Ճանչցուած Է 2023 Թուականի Զբօսաշրջութեան Լաւագոյն Ուղղութիւններէն Մէկը

Հայաստանը «Forbes»-ի Կողմէ Ճանչցուած Է 2023 Թուականի Զբօսաշրջութեան Լաւագոյն Ուղղութիւններէն Մէկը

by MassisPost

Հեղինակաւոր «Forbes» ամսագիրը կազմած է 2023 թուականին ճամբորդութիւններու համար ամենահետաքրքրական ուղղութիւններու ցանկը:

Հայաստանը «Forbes»-ի կողմէ ճանչցուած է 2023 թուականի զբօսաշրջութեան լաւագոյն ուղղութիւններէն մէկը:

Ըստ «Forbes» ամսագրին, Հայաստանը գեղեցիկ երկիր է` հարուստ պատմութեամբ եւ մշակոյթով: Այն հիանալի բնապատկերներու տուն է, ներառեալ Կովկասեան լեռները եւ Սեւանայ լիճը, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ հնագոյն ճարտարապետական հրաշքներ, ինչպիսիք են Գառնիի տաճարը եւ Հաղպատի վանքը:

Ամսագիրը կը գրէ, որ Հայաստանը յայտնի է նաեւ իր համեղ խոհանոցով: Յօդուածագիրը համեղ սնուիլ սիրողներուն խորհուրդ կու տայ անպայման փորձել  հայկական խաշը,  տոլման,  մանթին եւ, ի հարկէ, տնական թթու վարունգը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment