Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Եթէ Կասեցնենք Գործընթացը, Պատերազմ Պիտի Սկսի․ Փաշինեանը Տաւուշի Հատուածին Մէջ Իրականացուող Սահմանազատման Մասին

Եթէ Կասեցնենք Գործընթացը, Պատերազմ Պիտի Սկսի․ Փաշինեանը Տաւուշի Հատուածին Մէջ Իրականացուող Սահմանազատման Մասին

by MassisPost

Հայաստանի կառավարութիւնը հայ-ատրպէյճանական սահմանի սահմանազատման գործընթացը սկսած է Տաւուշի մարզվն՝ պատերազմը բացառելու համար։ Այս մասին Մայիսի 7-ին կազմակերպուած մամուլի ասուլիսի ժամանակ յայտարարեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։

«2021, 2022 թուականի Սեպտեմբերի մագլցումները, բնականաբար, միջազգային հանրութեան շրջանում հարցեր են առաջացրել։ Ցաւով պէտք է արձանագրեմ, որ միջազգային հարթակներում դրանք բացատրուել են շատ դէպքերում չորս ատրպէյճանական գիւղերի գործօնով, եւ ցաւալիօրէն այդ իրավիճակներում, որտեղ մենք պէտք է լինէինք հայցուորի դերում, մենք յայտնուել ենք պատասխանողի դերում։ Քանի որ հարց է հնչել՝ եթէ ճանաչում էք փոխադարձաբար տարածքային ամբողջականութիւնը, ապա ի՞նչն է խնդիրը, որ այդ գիւղերի խնդիրը չէք լուծում»,- նշեց Փաշինեան։

Անդրադառնալով «Տավուշը յանուն հայրենիքի» շարժման անդամներուն կողմէ յառաջ քաշուող պահանջին՝ կասեցնելու սահմանազատման գործընթացը՝ Փաշինեան ըսաւ․ «Եթէ կասեցնենք գործընթացը, ի՞նչ է լինելու դրանից յետոյ․ շատ պարզ բան, սկսուելու է պատերազմ…

«Այն ուժերը, որոնք պահանջում են դադարեցնել սահմանազատման գործընթացը՝ նաեւ արտաքին որոշ ուժերի աջակցութեամբ, ամէն ինչ կ’անեն, որ Հայաստանի նոր տարածքներ բռնագրաւուեն՝ դա օգտագործելու համար Հայաստանում քաղաքական փոփոխութիւններ անելու համար»։

Հայաստանի վարչապետին խօսքով՝ պատերազմը ներքին եւ արտաքին շարք մը ուժերու հարկաւոր է, որպէսզի հնարաւոր ըլլայ իշխանափոխութիւն ընել առանց ընտրութիւններու։ «Նոյն բնագիրը կը գործէր նաեւ 44-օրեայ պատերազմի ժամանակ»,- նկատեց ան։

Անդրադառնալով նաեւ հարցին, թէ արդեօք սահմանազատման գործընթացի իրականացման ժամանակ որպէս հիմք կ’ընդունուի 1988 թուականի սահմանազատման քարտէզը, որուն մասին ընդդիմադիրները քանի մը անգամ բարձրաձայնած են, Փաշինեան ըսաւ, որ իրենք թէպէտ ուսումնասիրած են նաեւ այդ փաստաթուղթը, սակայն այն չէ հասցուցած ուժի մէջ մտնել եւ իրաւական ուժ ստանալ։

Նիկոլ Փաշինեան համոզուած է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան 29 հազար 743 քառակուսի քիլոմեթր տարածքը փոփոխութեան պիտի չենթարկուի։ «Համոզուած եմ, որ մէկ տարի անց այս թիւը ոչ մի փոփոխութեան չի ենթարկուի, եւ այս թուի առանձնայատկութիւնը դրա մէջ է, որովհետեւ այն յենուած է օրինականութեան հենքի վրայ։ Եւ մենք հասկանում ենք, որ պէտք է ստեղծենք անվտանգութեան երաշխիքներ Հայաստանի Հանրապետութեան համար եւ մենք ստեղծում ենք անվտանգութեան երաշխիքներ Հայաստանի Հանրապետութեան համար: Դա տեղի է ունենում բոլորիդ աչքի առաջ։ Սա շատ կարեւոր արձանագրում է, պարզապէս դա պէտք է տեսնել»,- ըսաւ Փաշինեան։

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Հայաստանի դէմ Ատրպէյճանի ռազմական յարձակման պայմաններուն մէջ Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագրի Կազմակերպութիւնը ցանկացած է տեղակայուիլ Հայաստանի մէջ ոչ թէ որպէս Հայաստանի դաշնակից, այլ որպէս խաղաղապահ։

«ՀԱՊԿ-ի հետ մեր ամենամեծ խնդիրն այն էր, որ իրենք ուզում էին Հայաստան գալ ոչ թէ որպէս դաշնակից, ինչպէս նախատեսուած է, այլ որպէս խաղաղապահ, իսկ խաղաղապահի համար ի՞նչ է հարկաւոր․ պատերազմ է հարկաւոր։ Իսկ այս իրադրութեան մէջ ե՞րբ է հնարաւոր պատերազմ․ այն ժամանակ, երբ մենք հրաժարուենք սահմանազատումից»,- ըսաւ վարչապետը՝ յաւելելով, որ ճիշդ այդտեղ կը փակուի տրամաբանական շղթան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment