Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ատրպէյճանցի Փախստականներու Վերադարձ»ի Մասին Բամբասանքները Իրականութեան Հետ Որեւէ Աղերս Չունին. Արտակ Բեկլարեան

Ատրպէյճանցի Փախստականներու Վերադարձ»ի Մասին Բամբասանքները Իրականութեան Հետ Որեւէ Աղերս Չունին. Արտակ Բեկլարեան

by MassisPost

«Ատրպէյճանցի փախստականներու վերադարձ»ի մասին բամբասանքները Իւանեան կամ Արցախի իշխանութիւններու վերահսկողութեան տակ գտնուող այլ համայնքներ իրականութեան հետ որեւէ աղերս չունին:

Այս մասին Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին մէջ յայտարարած է Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Արտակ Բեկլարեանը` հանրահաւաքի մասնակիցներու հարցումներուն ի պատասխան:

Պետական նախարարին խօսքով` Արցախի իշխանութիւններու օրակարգին մէջ ոչ միայն նման հարց չկայ, այլեւ առաջնահերթ կը մնան 2020-ի պատերազմին հետեւանքով հազարաւոր տեղահանուած քաղաքացիներուն բնակարաններով ապահովելու եւ անոնց ընկերատնտեսական խնդիրները լուծելու հարցերը:

«Անընդունելի ենք համարում այս դժուարին ժամանակահատուածում հանրութեան շրջանում նմանօրինակ պառակտիչ ու սադրիչ բամբասանքների տարածումը: Առանց այն էլ ունենք բազմաթիւ չլուծուած խնդիրներ, անվտանգային հարցեր, որոնց անցնցում լուծելու ողջ բեռն ու պատասխանատուութիւնն առաջին հերթին կրում են իշխանութիւնները: Բայց առկայ մարտահրաւէրները յաջողութեամբ յաղթահարելու համար պէտք է բոլորս միասին կեդրոնացնենք մեր ուժերը, ընդունենք, որ միայն մէկս-միւսի աջակցութեամբ կարող ենք ապահովել մեր ազգային ու պետական շահերը», ըսած է Ա. Բեկլարեանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment