Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Վարոյթ Ընդունուած Է Սուրիկ Խաչատրեանէն Եւ Փոխկապակցուած Անձերէ Շուրջ 19,1 Միլիառ Դրամ Արժէքով Ապօրինի Ծագման Գոյքերն Ու Հաշիւները Բռնագանձելու Հայցադիմումը

Վարոյթ Ընդունուած Է Սուրիկ Խաչատրեանէն Եւ Փոխկապակցուած Անձերէ Շուրջ 19,1 Միլիառ Դրամ Արժէքով Ապօրինի Ծագման Գոյքերն Ու Հաշիւները Բռնագանձելու Հայցադիմումը

by MassisPost

Երեւան քաղաքի առաջին ատեանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը վարոյթ ընդունած է ՀՀ Գլխաւոր Դատախազութեան ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման գործերով վարչութեան 2022 թուականի Յուլիս 27-ին ներկայացուած ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման վերաբերեալ հերթական հայցադիմումը:

Անով դատարանին պահանջ ներկայացուած է ՀՀ Սիւնիքի նախկին մարզպետ Սուրիկ Խաչատրեանէն եւ անոր փոխկապակցուած 5 անձերէ յօգուտ Հայաստանի Հանրապետութեան բռնագանձել մասնաւորապէս`

* 5 անշարժ գոյքեր` Երեւան քաղաքին մէջ գտնուող առանձնատուն (երկու հասցէով), բնակարան, հասարակական նշանակութեան կէտ, Գորիս քաղաքին մէջ գտնուող շինութիւն, 3 փոխադրական միջոցներ, իսկ անհնարինութեան պարագային` անոնց միջին շուկայական արժէքները, որ ընդհանուր կը կազմէ աւելի քան 530.135.900 դրամ,

* մասնակցութիւններ թիւով 3 իրաւաբանական անձերու մօտ,

* 544.139 դրամ` որպէս ապօրինի դրամական միջոցներու մնացորդ,

* 410.463.523 դրամ, որ չի հիմնաւորուի անձի օրինական եկամուտներով, ունի ապօրինի ծագում եւ հնարաւոր չէ բռնագանձել` հիմք ընդունելով ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման մասին օրէնքի 20-րդ յօդուածի 4-րդ մասը,

* Ֆիզիքական եւ իրաւաբանական անձերու տրամադրուած ընդհանուր 450.350.364 դրամ փոխառութիւններու եւ այլ պարտքերու պահանջի իրաւունքը,

* օֆշորային կազմակերպութեան փոխանցուած 098.300.000 դրամ ներդրման գումարը:

Գլխաւոր Դատախազութեան կողմէ կը շարունակուի դատարան ապօրինի գոյքի բռնագանձման հայցադիմումներ ներկայացնելու գործընթացը այն գործերով, որոնցով արդէն իսկ կիրառուած են հայցի նախնական ապահովման միջոցներ:

Վերոնշեալը դատարանին կողմէ վարոյթ ընդունուած տասներեքերորդ նման հայցադիմումն է, կը տեղեկացնեն Գլխաւոր Դատախազութենէն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment