Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Չիլիի Խորհրդարանը Ճանչցած Է Հայոց Ցեղասպանութիւնը․ Թուրքիան Կը Բողոքէ

Չիլիի Խորհրդարանը Ճանչցած Է Հայոց Ցեղասպանութիւնը․ Թուրքիան Կը Բողոքէ

by MassisPost

Չիլիի խորհրդարանի ստորին՝ Ներկայացուցիչներու պալատը ցեղասպանութիւն ճանչցած է 1915 թուականին Օսմանեան կայսրութեան մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները։

Հարաւամերիկեան երկրի խորհրդարանին մէջ նախօրէին ընդունուած բանաձեւի դէմ Թուրքիան բողոքած է՝ յայտարարելով, թէ այն «ուժ չունի»։

«Խորհրդարանները իրաւասու չեն մեկնաբանելու պատմութեան մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները եւ անոնց վերաբերեալ դատողութիւններ ընել»,- «Anadolu» գործակալութեան փոխանցմամբ` յայտնած է Թուրքիոյ Արտաքին գործերու նախարարութիւնը, պնդելով որ բանաձեւը նաեւ կը հակասէ ցեղասպանութիւններու կանխարգելման եւ պատժելու մասին ՄԱԿ-ի 1948 թուականի պայմանադրութեան։ Ըստ Թուրքիոյ ԱԳՆ-ի մեկնաբանութեան՝ ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը կրնայ դիտարկուիլ միայն մրցակից դատարանի կողմէ։

Աշխարհի շուրջ երեք տասնեակ երկիրներ ճանչցած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment