Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՍԴՀԿ Գանատայի Վարիչ Մարմիններու Յայտարարութիւնը՝ Ապրիլ 24-ի Միջադէպերուն Սռթիւ

ՍԴՀԿ Գանատայի Վարիչ Մարմիններու Յայտարարութիւնը՝ Ապրիլ 24-ի Միջադէպերուն Սռթիւ

by MassisPost

Յանուն Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Մոնթրէալի ու Թորոնթոյի Վարիչ Մարմիններուն` կը դատապարտենք Կիրակի, 21 Ապրիլին, Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած միջադէպը, ուր Քէպէքի Հայ Համայնքի Միացեալ Մարմինին կողմէ կազմակերպուած Եղեռնի 109-ամեակին նուիրուած ձեռնարկէն առաջ` հիւրասիրութեան ընթացքին, ուր ներկայ էին նահանգային եւ դաշնային պետական երեսփոխաններ, քաղաքապետական պաշտօնատարներ, հայկական երեք կուսակցութիւններու ղեկավարներ, բարձրաստիճան հոգեւորականներ եւ կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ, ՀՅԴ-ի մի քանի երիտասարդներ սրահ խուժելով անպատուաբեր արտայայտութիւններով դիմեցին Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան` Ն.Գ. Անահիտ Յարութիւնեանին:

Նաեւ, մեր տարակուսանքը կը յայտնենք ՀՅԴ ղեկավարներուն կրաւորական պահուածքին հանդէպ և մանաւանդ անոնց յորդորին, որ ՀՀ դեսպանը զանց ընէ փոխանցել օրուան պատշաճ իր խօսքը, որուն համար յատուկ հրաւիրուած էր ան, մտահոգութիւն յայտնելով, որ նոյն երիտասարդները կրնային խանգարել իր ելոյթը, փաստօրէն պատճառ դառնալով, որ տիկին դեսպանը հեռանայ սրահէն:

Դժբախտաբար նմանատիպ ձեռագիրով երկրորդ դէպքն է, որ տեղի կ’ունենայ համագաղութային միջոցառման մը ընթացքին, խաթարելով գաղութին անդորրը, երբ այսօր աւելի քան երբեք խիստ կարեւոր են միասնականութիւնն ու համերաշխութիւնը:

Առ ի գիտութիւն` ինչպէս բոլոր դեսպանները, նոյնպէս դեսպան Անահիտ Յարութիւնեան կը ներկայացնէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ պէտք չէ պետականութիւնը շփոթել անցեալի, ներկայի ու գալիք ՀՀ իշխանութիւններուն հետ։

Ս.Դ.Հ.Կ. Մոնթրէալի Վարիչ Մարմին
Ս.Դ.Հ.Կ. Թորոնթոյի Վարիչ Մարմին
24 Ապրիլ 2024

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment