Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Եռակողմ Աշխատանքային Խումբը Զգալիօրէն Յառաջ Գացած Է Պայմանաւորուածութիւններու Ձեռքբերման Հարցով. Սերկէյ Լաւրով

Եռակողմ Աշխատանքային Խումբը Զգալիօրէն Յառաջ Գացած Է Պայմանաւորուածութիւններու Ձեռքբերման Հարցով. Սերկէյ Լաւրով

by MassisPost

Հարաւային Կովկասի մէջ հաղորդակցութեան ապաշրջափակման հարցերով եռակողմ աշխատանքային խումբը (Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի փոխվարչապետներու մասնակցութեամբ) զգալիօրէն յառաջ գացած է պայմանաւորուածութիւններու ձեռքբերման հարցոէ: Իրանի արտաքին գործերու նախարար Հըսէյն Ամիր Ապտըլ Լահեանի  հետ համատեղ մամուլի ասուլիսի ժամանակ այս մասին ըսաւ Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործերու նախարար Սերկէյ Լաւրով:

«Հարաւային Կովկասի մէջ հաղորդակցութեան ապաշրջափակման հարցերով կը զբաղի եռակողմ խումբը` Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի փոխվարչապետներու մասնակցութեամբ: Այն կ’աշխատի ռիթմիկ, սահմաններու սահմանազատման հարցերով հանդիպումներու հետ միաժամանակ: Բառացիօրէն օրերս կայացած են հերթական շփումները: Կողմերը զգալիօրէն յառաջ գացած են պայմանաւորուածութիւններու ձեռքբերման հարցով»- ըսած է Լաւրով:

Ռուսիոյ արտաքին գործերու նախարարը յոյսով է, որ պայմանաւորուածութիւնները կը ձեւակերպուին շատ մօտ ապագային, ինչ որ,  ըստ անոր, յատկապէս կարեւոր է.

«Այս աշխատանքը կ’իրականացուի ոչ թէ դատարկութեամբ, ոչ թէ մեկուսացուած, այլ սերտ կապուած է ճանապարհային հաղորդակցութեան աւելի լայն նախագիծերու հետ, ներառեալ Հիւսիս-Հարաւը, որուն մէջ մեր իրանական գործընկերները նոյնպէս հետաքրքրուած են», ըսած է Լաւրով` յաւելելով, որ գործնական առումով այդ գործընթացին մէջ զգալի տեղաշարժեր կան:

Ինչ կը վերաբերի այդ ամէնուն համաշխարհային, տարածաշրջանային նշանակութեան, ապա, ըստ Լաւրովի, կրնան կառուցուիլ լոկիսթիք շղթաներ, որոնք անկախ պիտի ըլլան այն երկիրներէն, որոնք ոչ-պատշաճ վերաբերմունք կը ցուցաբերեն տարածաշրջանին մէջ իրենց գործընկերներու շահերուն նկատմամբ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment