Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ռուսաստանը Նամակ Ուղարկած Է Հայաստան. Այն Հասած Է ՀՀ ԱԺ-ին

Ռուսաստանը Նամակ Ուղարկած Է Հայաստան. Այն Հասած Է ՀՀ ԱԺ-ին

by MassisPost

ՀՀ Ազգային Ժողովը ստացած է Ռուսաստանի Դաշնային Խորհուրդի նախագահ Վալենթինա Մաթվիենքոյի նամակը։ Այս մասին «Հայկական Ժամանակ»-ի հետ զրոյցին ըսած է ԱԺ նախագահի մամուլի խօսնակ Նելլի Ղելեանը։

Յիշեցնենք՝ Մաթվիենքօն Ապրիլ 24-ին յանձնարարած էր պատրաստել եւ հարցում ուղարկել Հայաստանի խորհրդարան՝ կապուած ՀՀ ԱԺ խօսնակ Ալէն Սիմոնեանի հակառուսական յայտարարութիւններուն հետ։

Ելոյթ ունենալով Եւրոմիութեան երկիրներու խորհրդարաններու նախագահներու համաժողովին՝ Սիմոնեան մասնաւորապէս յայտնած էր, որ հաշուի առնելով այն հանգամանքը, որ «համաժողովի ուշադրութեան կեդրոնին Ռուսաստանի ներխուժումը Ուքրանիա եւ մերձաւորարեւելեան հակամարտութիւնն է»՝ ինք կ’ուզէ հաստատել, որ Հայաստանը «վճռականօրէն կը պաշտպանէ Ուքրանիոյ, ինչպէս նաեւ Մոլտովայի, Վրաստանի, Կիպրոսի եւ բոլոր երկիրներու տարածքային ամբողջականութիւնը»։

Նամակին վերաբերեալ խօսակցութիւններուն լրագրողների հետ ճեպազրոյցին անդրադարձած էր նաեւ ինք Սիմոնեանը՝ նշելով. «Հայ ժողովրդի եւ ռուսաց ժողովրդի բարեկամութեան մասին է խօսում Ապրիլի 24-ին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան հետ կապուած անգամ մէկ նախադասութեամբ որեւիցէ անդրադարձ չանելով: Ուզում եմ հասկանալ՝ ուժերը մեզ վրայ է պատու՞մ, չէ, խնդիրն այն է, որ իրենք չեն ընկալում, որ ՀՀ-ն պէտք է գործի որպէս անկախ պետութիւն, իրենք չեն ընկալում, որ ՀՀ-ն անկախ պետութիւն է, իրենց ընկալման մէջ մենք ծայրագաւառ ենք, ինչն է իրենց ջղայնացրե՞լ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment