Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Երեւանի Եւ Պաքուի Միջեւ Խաղաղութեան Հասնելու Հնարաւորութիւնը Մեծ Է Աւելի Քան Երբեւէ. Շոլց

Երեւանի Եւ Պաքուի Միջեւ Խաղաղութեան Հասնելու Հնարաւորութիւնը Մեծ Է Աւելի Քան Երբեւէ. Շոլց

by MassisPost

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրման հնարաւորութիւնները աւելի քան երբեւէ մեծ են։ Այս մասին յայտնած է Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցը Պերլինի մէջ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ կայացած մամուլի ասուլիսին։ Անոր խօսքով՝ Ալիեւի հետ բանակցութիւններուն մէջ առաջին հերթին քննարկուած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հակամարտութիւնը։

«Մենք միակարծիք ենք, որ այս հակամարտութիւնը պէտք է լուծուի խաղաղ ճանապարհով: Անոր հնարաւորութիւնները աւելի քան երբեւէ մեծ են»,- յայտնած է քաղաքական գործիչը:

«Մենք բարձր կը գնահատենք Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ ընթացող խաղաղութեան բանակցութիւնները»,- յայտնած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի հետ համատեղ մամուլի ասուլիսին։

Յիշեցնելով, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարարները վերջերս հանդիպած են Գերմանիոյ մէջ՝ կանցլեր Օլաֆ Շոլցի հրաւէրով, Ալիեւ նշած է. «Յաջորդ հանդիպումը կը ծրագրուի Ղազախստանի մէջ։ Այսպիսով, մենք յաւելեալ քայլեր կը ձեռնարկենք խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրման ուղղութեամբ»։ Ան անդրադարձած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանի միջեւ սահմանազատման խնդրին եւ նշած է, որ Ատրպէյճանին վերադարձուած են 1990 եւ 1992 թուականներուն գրաւուած չորս գիւղեր:

Ինչ կը վերաբերի այսօրուընէ Աղտամի մէջ ռուս-թրքական համատեղ դիտորդական գործունէութեան դադրեցման, Ատրպէյճանի նախագահը ընդգծած է. «Այսինքն՝ խաղաղութեան հասնելու շատ լաւ հնարաւորութիւններ կան։ Մենք պատրաստ ենք համագործակցելու այն երկիրներուն հետ, որոնք կ’ուզեն մեզի աջակցիլ այս հարցին մէջ»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment