Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ RED Շարժապատկերի Ցուցադրութիւնը Փասատինայի Մէջ

RED Շարժապատկերի Ցուցադրութիւնը Փասատինայի Մէջ

by MassisPost

Անցեալ Հինգշաբթի, Ապրիլի 18-ին, 2024, «Մասիս»ի հրատարաչականի նախաձեռնութեամբ, ԱՄՆ-ի մէջ առաջին անգամ ըլլալով ցուցադրուեցաւ թուրք պատմաբան Գատիր Ագընի RED  (ետ մղում) շարժապատկերը, Փասատինայի ՀԲԸՄ-ի Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան մշակութային կեդրոնին մէջ:

Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Հնչակեան յեղափոխական մեծ գործիչ Փարամազի կեանքին նուիրուած վաւերագրական ֆիլմի ցուցադրութաեն հովանաւորն էր ՍԴ Հնչակեան Կուսակցութիւնը:

Նախքան ֆիլմի ցուցադրութիւնը, իր բացման խօսքէն ետք, իրաւաբան Գրիգոր Մոլոյեան հրաւիրեց ներկաները Եղեռնի զոհերու յիշատակի յարգանքի մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեան փոխան, դիտելու զոհերէն Նազարէթ եւ Խաթուն Տէր Դաւիթեաններու յիշատակին նուիրուած տեսաերիզը:

Այնուհետեւ ներկաները մեծ հետաքրքրութեամբ  դիտեցին RED պատմա-վաւերագրական ժապաւէնը, որուն նիւթն առնուած է Գատիր Ագընի հեղինակած «Հայ յեղափոխական Փարամազը եւ հայ սոցիալիստներն ու ցեղասպանութիւնը Ապտիւլ Համիտէն մինչեւ Իթթիհատ Թերաքի» գիրքէն:

Արդարեւ, վաւերական հարուստ տուեալներով օժտուած Գատիր Ագինի սոյն ժապաւէնը` յստակօրէն կը լուսաբանէ Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններու կրած տառապանքներն ու անոնցմէ ազատագրուելու համար ստեղծուած  ազատագրական շարժումը որոնցմէ է Հնչակեան Կուսակցութիւնը, որուն գաղափարախօսութիւնը լայն ժողովրդականութիւն գտած ըլլալով ենթարկուած է սուլթաններու վայրագ հալածանքներուն: Այս բոլորին մէջ, կեղեքուող փոքրամասնութիւններու մօտ, լուսաատու փարոս մը եղած է մեծն Փարամազ, իր քաջարի ընկերներով, որոնք իրենց հերոսական սխրագործութիւններով նոր էջ մը պիտի բանային Թուրքիոյ պատմութեան մէջ:

RED-ի մէջ ականատեսի վկայութիւններով ելոյթներ ունեցան տարբեր մակարդակի մարդիկ, ինչպէս նաեւ քաղաքական մեկնաբաններ ու պատմաբաններ:

Աւարտին բուռն ծափահարութիւններով բեմ բարձրացան ֆիլմի բեմադրիչ եւ արտադրիչ Գատիր Ագին եւ Թուրքիոյ խորհրդարանի նախկին հայ անդամ Կարօ Փայլան: Անոնք շնորհակալութիւններ յայտնելով հանդերձ շեշտեցին իրենց անվերապահ զօրակցութիւնը հայ ժողովուրդի արդար դատին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment