Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Մեծն Բրիտանիոյ Քրիստոնեայ Առաջնորդները Կառավարութեան Կոչ Ըրած Են Ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Մեծն Բրիտանիոյ Քրիստոնեայ Առաջնորդները Կառավարութեան Կոչ Ըրած Են Ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը

by MassisPost

Մեծն Բրիտանիոյ քրիստոնեայ առաջնորդները Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու կոչով նամակով դիմած են Մեծն Բրիտանիոյ կառավարութեան:

Այս մասին յայտնած է Cruxnow-ն՝ մէջբերելով Չարլզ Քոլինզի յօդուածը։

Փաստաթուղթի գլխաւոր հեղինակը հայ եպիսկոպոս Յովակիմ Մանուկեանն է, սակայն անոր մէջ ընդգրկուած են նաեւ քանի մը ուղղափառ եւ անգլիացի եպիսկոպոսներ, ինչպէս նաեւ Լորտերու պալատի կաթոլիկ անդամ:

Մեծն Բրիտանիոյ վարչապետ Ռիշի Սունաքին ուղղուած նամակին մէջ եկեղեցիներու ղեկավարները յայտարարած են, որ նման պաշտօնական ճանաչումը սոսկ խորհրդանշական չէ, այլ «հզօր յայտարարութիւն է վայրագութիւններու դէմ եւ քայլ դէպի ապագայ ցեղասպանութիւններու կանխում»:

Յօդուածագիրը կը յիշեցնէ, որ Առաջին Համաշխարհային պատերազմի աւարտին Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու զանգուածային սպանութիւնները պաշտօնապէս ցեղասպանութիւն ճանչցուած են աշխարհի բազմաթիւ երկիրներէ։

Ապրիլ 24-ին ամբողջ աշխարհի հայութիւնը կը յիշէ Ցեղասպանութիւնը, որ, ըստ եկեղեցական առաջնորդներուն, խորապէս յուզած է միլիոնաւոր մարդիկ եւ կը շարունակէ մնալ անոնց հաւաքական յիշողութեան մէջ:

«Միացեալ Թագաւորութիւնը միշտ եղած է համաշխարհային ասպարէզին մէջ մարդու իրաւունքներու եւ արդարութեան պաշտպանութեան առաջնագիծին վրայ։ Պատմական անձեր, ինչպիսիք են նախկին վարչապետներ Տէյվիտ Լլոյտ Ճորճը եւ Սըր Ուինսթըն Չըրչըլը, բացայայտ խօսած են 1915-1923 թուականներուն հայերու զանգուածային սպանութիւններու մասին՝ զանոնք անուանելով համապատասխանաբար «1915 թուականի Հոլոքոսթ» եւ «Հայերու վտարում Փոքր Ասիայէն»,- ըսուած է եկեղեցականներու նամակին մէջ:

Վերջիններս Ռիշի Սունաքին ուղղուած իրենց նամակին մէջ նաեւ նշած են․ «Ձեր նախորդներու այս հաստատումները կ’ընդգծեն տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն նշանակութիւնը եւ անոնց պաշտօնական ճանաչման կարեւորութիւնը: Վերջին տարիներուն համաշխարհային հանրութիւնը զգալի յաջողութիւններու հասած է պատմական անարդարութեան ճանաչման հարցով, այդ շարքին՝ առանցքային դաշնակիցներ, ինչպիսիք են Միացեալ Նահանգները եւ քանի մը եւրոպական երկիրներ, որոնք պաշտօնապէս ճանչցած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը»։

Նամակին մէջ նաեւ անդրադարձ կը կատարուի Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment