Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Ճաշկերոյթ Ի Պատիւ Գատիր Ագընի եւ Կարօ Փայլանի

Ճաշկերոյթ Ի Պատիւ Գատիր Ագընի եւ Կարօ Փայլանի

by MassisPost

Կազմակերպութեամբ ՍԴ Հնչակեան Կուսակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Վարիչ Մարմնին, Կիրակի 21 Ապրիլ, 2024, երեկոյեան շքեղ ճաշկերոյթ մը տեղի ունեցաւ ՀԿԲՄ-ի կեդրոնին մէջ, ի պատիւ RED ֆիլմի բեմադրիչ եւ արտադրիչ, ինչպէս նաեւ գիրքերու հեղինակ Գատիր Ագընի եւ Թուրքիոյ խորհրդարանի նախկին հայ երեսփոխան Կարօ Փայլանի:

Ողջերթի սոյն նախաձեռնութեան ներկայ էին ՍԴՀԿ Կեդր. Վարչութեան ատենապետ ընկ. Տոքթ. Համբիկ Սարաֆեան, ինչպէս նաեւ կուսակցական մասնաճիւղերու, ՀՄՄ-ի, Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան, Հայ Ամերիկեան Խորհուրդի, ՀԿԲՄ-ի եւ այլ կառոյցներու ներկայացուցիչներ:

Կազմակերպիչ յանձնախումբի անունով` բարի գալուստ մաղթեց հանդիսավար Հերի Իւնել: Ապա ելոյթ ունեցաւ Հայ Ամերիկեան Խորհուրդի ատենապետ Սեւակ Խաչատուրեան` ներկայացնելով «Մասիսՙ հրատարակչականի աշխատանքները` Հնչակեան Կուսակցութեան արխիւները մեկտեղելու նպատակով:

Այս առթիւ ողջոյնի ջերմ խօսքերով ելոյթներ ունեցան շրջանիս Վարիչ Մարմնի ատենապետ ընկ. Վազգէն Խոտանեան եւ ՍԴՀԿ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ ընկ. Տոքթ. Համբիկ Սարաֆեան: Անոնք դրուատելէ ետք զոյգ հիւրերու Գատիր Ագընի եւ Կարօ Փայլանի օգտաշատ ներդրումներն ու հայանպաստ ծառայութիւնները նորանոր յաջողութիւններ մաղթեցին իրենց յետագայ ծրագիրներուն:

Շնորհակալական  ելոյթով հանդէս եկաւ Գատիր Ագըն եւ գովեստով արտայայտուեցաւ հայաշատ վայրերու մէջ իր անձին հանդէպ ցուցաբերուած ջերմ ու յարգալիր ընդունելութեանց համար:

Կարօ Փայլան իր ելոյթին մէջ նշեց թէ հաւատացող մըն է մեր գաղափարախօսութեան: Իսկ  անդրադառնալով ժամանակակից իրավիճակին, ըսաւ.  «Պատմութենէն հարկ է դասեր առնել եւ հարցերը այս ձեւով պէտք չէ շարունակուին: Շատ բան փոխուեցաւ երկրաշարժի առթիւ…: Ազգայնականներն ալ փոխուեցան…: Մենք պէտք է կամուրջներ շինենք…: Դժուար է նախապաշարումները փոխել: Եկէք, միասնաբար սիրով աշխատինք» յարեց Կ. Փայլան, վերապահ լաւատեսութիւն մը արտայայտելով իր եզրափակիչ խօսքին մէջ:

Աւարտին` ներկաները իրենց հետ տարին Գատիր Ագընի հրատարակած պատմա-վաւերագրական հատորներէն:

Հանդիսականները սրահէն բաժնուեցան

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment