Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Էրտողան Յայտարարած է «Եւրախորհրդարանի Ընդունած Որոշումը Որեւէ Արժէք Չունի»

Էրտողան Յայտարարած է «Եւրախորհրդարանի Ընդունած Որոշումը Որեւէ Արժէք Չունի»

by MassisPost

Թուրքիոյ նախագահ Ռէճէպ Թայէպ Էրտողանը յայտարարած է, որ Եւրախորհրդարանին մէջ իր երկրի վերաբերեալ ցանկացած որոշում որեւէ արժէք չունի իրենց համար: Ինչպէս հաղորդած է «Արմէնփրես»-ը, այս մասին տեղեկացուցած է թրքական «Հուրիէթ» պարբերականը:

«Վաղը Եւրախորհրդարանում նիստ է լինելու, որտեղ քուէարկութեան է դրուելու Եւրամիութեանը Թուրքիայի անդամակցութեան շուրջ բանակցութիւնների հարցը: Այս պահին այստեղից յայտարարում եմ ողջ աշխարհին. ինչ արդիւնք էլ լինի, այդ քուէարկութիւնը մեզ համար որեւէ արժէք չունի»,- յայտարարած է Էրտողանը:

Նիստի ժամանակ ԵԽ բոլոր քաղաքական խմբակցութիւնները արձանագրած են Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարութեան, մարդու իրաւունքներու եւ օրէնքի հարցով գրանցուած հետընթացը: Բանակցութիւններու սառեցման վերաբերեալ ԵԽ վեց քաղաքական ուժերու կողմէ պատրաստուած առաջարկը քուէարկութեան կը դրուի 24 Նոյեմբերին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment