Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Մոսկուան Կը Սպասէ Երեւանի Արձագանգին՝ Երկաթգիծի Երկու Հատուածները Վերականգնելու Հարցով․ Օվերչուք

Մոսկուան Կը Սպասէ Երեւանի Արձագանգին՝ Երկաթգիծի Երկու Հատուածները Վերականգնելու Հարցով․ Օվերչուք

by MassisPost

Ռուսաստանը կ’ակնկալէ Հայաստանի արձագանգը «Ռուսական երկաթուղիներ» ընկերութեան պայմանագրային կառավարման ներքոյ գտնուող Երասխէն Նախիջեւանի սահման եւ Կիւմրիէն Թուրքիոյ սահման երկաթուղային երկու հատուածներու վերականգնման վերաբերեալ առաջարկին․ յայտնած է Ռուսաստանի Դաշնութեան փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք։

Օվերչուքի փոխանցմամբ՝ ռուսական կողմը կ’աջակցի այդ երկու հատուածներու վերականգնման եւ պատրաստ է օգնելու Հայաստանին՝ առեւտրային փոխադրութեան կապը ապահովելու նպատակով։ Ան նշած է, որ համապատասխան որոշումները Ռուսաստանի նախագահի մակարդակով ընդունուած են Յունուարին, եւ այժմ մոսկովեան կողմը կը սպասէ հայկական կողմի արձագանգին՝ յաւելելով, որ յառաջիկային կը նախատեսուին կարեւոր հանդիպումներ, որոնք յառաջ պիտի մղեն այս հարցը։

2025-ի Դեկտեմբերին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան դիմած էր ռուսական կողմին՝ Երասխէն մինչեւ Նախիջեւանի սահման եւ Ախուրիկէն մինչեւ Թուրքիոյ սահման ինկած երկաթուղային հատուածներու հնարաւորինս շուտափոյթ վերականգնման խնդրանքով։ Աւելի ուշ Փաշինեան յայտնած էր, որ վերականգնման հետ կապուած դժուարութիւններու պարագային Հայաստանը պատրաստ է ռուսական պայմանագրէն ետ վերցնել դէպի Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ սահմաններ տանող երկաթգիծի հատուածները։

2026-ի Յուլիսին վարչապետը չէր բացառած նաեւ միջազգային իրաւարարութիւն դիմելու հնարաւորութիւնը՝ ընդգծելով, որ երկաթուղին Հայաստանի սեփականութիւնն է, եւ երկիրը պէտք է հնարաւորութիւն ունենայ զայն օգտագործելու ըստ նպատակայարմարութեան։

Անդրադառնալով այդ յայտարարութիւններուն՝ «Ռուսական երկաթուղիներ» ընկերութեան ղեկավար Օլեկ Պելոզյորով յայտնած էր, որ ընկերութիւնը մտադիր է լիարժէքօրէն կատարելու պայմանագրով ստանձնած պարտաւորութիւնները, սակայն պայմաններու փոփոխութեան կամ պայմանագրի դադրեցման պարագային իրաւունք ունի ակնկալելու իրականացուած ներդրումներու վերադարձ։ Ըստ Պելոզյորովի՝ 2008-2025 ընկերութեան միջոցներէն եւ «Հարաւկովկասեան երկաթուղիի» եկամուտներէն կատարուած ներդրումները կազմած են շուրջ 396 միլիոն տոլար, որոնցմէ շահաբաժիններ չեն վճարուած, եւ ամբողջ շահոյթը ուղղուած է երկաթուղիի զարգացման։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment