Հայ-ամերիկեան TRIPP նախագիծին զուգահեռ` Սիւնիքի մարզին մէջ խոշոր ներդրումներ կ’ընէ նաեւ Եւրոմիութիւնը: 2023-ին մեկնարկած «Դիմակայուն Սիւնիք Թիմ Եւրոպա» նախաձեռնութեան շրջանակին մէջ անդամ երկիրները, Զուիցերիան եւ եւրոպական դրամատուներն արդէն աւելի քան 250 միլիոն եւրօ յատկացուցած տասնեակ ծրագրեր իրականացնելու համար՝ ոռոգման համակարգի նորոգումէն մինչեւ խմելու ջուրի մատակարարում, խոցելի մարդոց խնամքէն մինչեւ մինչեւ հոգեւոր ու մշակութային ժառանգութեան պահպանութիւն ու վերականգնում:
«Ես Սիւնիքի բնակիչներուն կ’ուզեմ ըսել՝ Եւրոմիութիւնը կանգնած է ձեր կողքին ու կ’աջակցի ձեր ջանքերուն», յայտնած էր Հայաստանի մէջ Եւրոմիութեան պատուիրակութեան ղեկավար Վասիլիս Մարակոս,- «հայ ժողովուրդը գիտէ՝ որքան կարեւոր է Սիւնիքը, Հայաստանի համար շատ կարեւոր մարզ է եւ մեծ դեր ունի երկրի դիմակայունութեան, ինքնիշխանութեան ու տարածքային ամբողջականութեան պահպանման հարցին մէջ»:
Այս պահուն նախաձեռնութեան ընդհանուր պիւտճէն 258 միլիոն եւրոյի կը հասնի, որուն մէկ մասը վարկեր են, միւսը՝ դրամաշնորհներ: Այս միջոցներով, օրինակ, կը վերականգնեն 36 քիլոմեթր երկարութեամբ Սպանդարեանի ջրանցքը,
որուն միջոցով աւելի քան 2 հազար հեկտար գիւղատնտեսական հողատարածք պիտի կարենան ոռոգել: Ֆրանսայի աջակցութեամբ պեղումներ կ’իրականացնեն Տաթեւի Մեծ անապատ 17-րդ դարու վանական համալիրին մէջ ու կը պատրաստուին վերականգնման աշխատանքներուն: Եւրոմիութեան աջակցութեամբ յատուկ խնամքի ու ուշադրութեան կարիք ունեցող տարէցներուն կացարան կ’ապահովեն: Հայ արտադրողներուն ու բերք մթերողներուն անհրաժեշտ ենթակառուցուածքներ ու սարքաւորումներ կը տրամադրեն, եւ այսպէս շարունակ:
Ընդհանուր առմամբ արդէն իրականացուած է կամ կը նախատեսեն մեկնարկել շուրջ 80 ծրագիր: Նախաձեռնութեան պիւտճէն հետագային կրնայ աւելի մեծնալ:
«Այս մարզին մէջ ներդրումներ կատարելը Եւրոմիութեան ու Հայաստանի կառավարութեան համատեղ ու խիստ անհրաժեշտ նպատակն է»,- ընդգծած է Մարակոս:
Հայաստանի մէջ ԵՄ պատուիրակութեան ղեկավարն ու անդամ շարք մը երկիրներու դեսպաններ այս շաբաթ Սիւնիք այցելած էին՝ այնտեղ ծանօթանալու այս ծրագրերուն:


