ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ, Զինուած Ուժերու Գերագոյն Սպայակոյտի պետ, զօրավար-լեյթենանթ Էտուարտ Ասրեանը հանդիպած է Լեհաստանի Զինուած ուժերու գլխաւոր սպայակոյտի պետի խորհրդական, զօրավար-լեյթենանթ Քշիշթոֆ Քրուլի հետ։
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են ՀՀ զինուած ուժերուն մէջ իրականացուող բարեփոխումներուն, Հայաստանի եւ Լեհաստանի զինուած ուժերուն միջեւ համագործակցութեան զարգացման ու ընդլայնման առնչուող հարցեր։
Կողմերը պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերած են փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող շարք մը ուղղութիւններով փորձի փոխանակման ծրագրեր մշակելու վերաբերեալ։

