ՀԲԸՄ-ը յաջողութեամբ իրականացուց իր առաջին բարեսիրական Համաշխարհային Վազք-Քայլարշաւը: 22 քաղաքներու մէջ, իրենց մասնակցութիւնը բերող կամաւորները գնահատելի նիւթական աջակցութիւն ապահովեցին Հայաստանի մէջ Նայիրի Ճամբարին, որուն առաքելութիւնն է օգնել պատերազմէ եւ տեղահանութենէ տուժած մանուկներու եւ ընտանիքներու: Տարեկան աւելի քան 1000 մանուկներ եւ մայրեր կ’օգտուին ՀԲԸՄ-ի այս ծրագրէն:
Աւելի քան 1,500 մասնակիցներ եւ նուիրատուներ 500,000 տոլար հանգանակեցին, իրականացնելով ՀԲԸՄ-ի նպատակակէտը, որով ՀԲԸՄ-ը պիտի ընդարձակէ իր ծառայութիւնները Նայիրի Ճամբարի բարիքներէն օգտուող ընտանիքներուն:
Համաշխարհային այս ծրագիրը սկսաւ Երեւանի մէջ, Կիրակի 13 Սեպտեմբերին, 200 մասնակիցներով: Մնացեալ 21 քաղաքներուն մէջ վազքը տեղի ունեցաւ Կիրակի 20 Սեպտեմբերին: Պարսելոնա, Պէյրութ, Պրիւքսել, Ժընեւ, Լոս Անճէլըս եւ շրջակայք, Լոնտոն, Մէլպուրն, Մոսկուա, Նիւ Եորք, Նիս, Հիւսիսային Քալիֆորնիա, Փարիզ, Ֆիլատէլֆիա, Սան Փաուլօ, Շանկհայ, Սիտնի, Թօքիօ, Թորոնթօ, Վալանս եւ Ցիւրիխ:
Ամենամեծ թիւով մասնակցողները Պէյրութի մէջ էին: Մեծաթիւ մասնակցողներ կային նաեւ Երեւան, Լոս Անճէլըս եւ շրջակայք եւ Թորոնթօ: Տարբեր շրջաններու մէջ վազքուղիները կ’անցնէին յայտնի կեդրոններու մէջէն, ինչպէս Սիտնիի Օփերայի յայտնի կառոյցը, Լոս Անճէլըսի Կրիֆիթհ զբօսայգին, Թօքիոյի Կայսերական Պալատը եւ Ցիւրիխի կենդանաբանական պարտէզը: Այս առիթով տեղական համայնքները յատուկ ձեռնարկներ կազմակերպած էին: Լոս Անճէլըսի Յատուկ Ձեռնարկներու Յանձնախումբը նախորդ երեկոյեան կազմակերպած էր բարեսիրական յատուկ երաժշտահանդէս մը: Վազքի աւարտին ճաշկերոյթ մը կազմակերպուած էր Մէլպուրնի Կեդրոնին մէջ: Նոյնպէս նախաճաշի ձեռնարկներ կազմակերպուած էին այլ քաղաքներու մէջ:
Համաշարհային Նախաձեռնութիւն Մը՝ Տեղական Դրսեւորումներով
ՀԲԸՄ-ի այս Համաշխարհային Վազք-Քայլարշաւին մասնակցեցան Միութեան անմիջական համայնքէն դուրս օտար լայն շրջանակներ եւս: Թօքիոյի եւ Շանկհայի մէջ, ուր ասիկա իր տեսակին մէջ առաջին ձեռնարկն էր, տեղական փոքրաթիւ հայ համայնքին կողքին ոչ-հայեր եւս մասնակցեցան շարժումին: Քաղաքներու մէջ ուր ՀԲԸՄ-ը պաշտօնական նրկայացուցչութիւն չունէր, անհատական նախաձեռնութեամբ մասնակցողներ եղան, ինչպէս էր պարագան Թիֆլիսի մէջ: Որպէս յատուկ հիւրեր մասնակցողներու շարքին էին Մեծն Բրիտանիոյ եւ Իրլանտայի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Յովակիմ Եպիսկոպոս Մանուկեան եւ Լոս Անճէլըսէն ՀԲԸՄ-ի Երուանդ Տէմիրճեան Վարժարանի նախկին շրջանավարտ՝ արկածախնդիր լեռնագնգաց Արա Խաչատուրեան:
Շանկահայաբնակ յայտնի աստղ ջութակահարուհի Աստղիկ Պողօսյան նշեց՝ «ՀԲԸՄ-ը գրեթէ միշտ մաս կազմած է իմ կեանքիս: Թէեւ նախապէս նուագահանդէս կազմակերպած ենք այստեղ, ասիկա իր տեսակին մէջ առաջինն էր: Շանկհայի մեր հայ համայնքը փոքրաթիւ է: Կը փորձենք միջոցներ գտնել համախմբելու հայերը եւ Հայաստանի բարեկամները: Ասիկա առաջին դրական եւ հաստատ քայլ մըն էր յետագայ արդիւնաւոր գործունէութիւններու համար:»
Ձեռնարկին կը մասնակցէին ամէն տարիքի անձեր: Մասնակցողներէն տասնվեցը 12 տարեկան կամ աւելի փոք էին: Այսպիսի լայն մասնակցութիւն կարելի եղաւ ապահովել ՀԲԸՄ-ի աշխարհատարած 46 շրջանակներու համախումբ ջանքերով: Մասնակցեցան Երիտասարդ Արհեստավարժներու խումբեր, ՀԲԸՄ-ի դպրոցներ եւ շրջանային գրասենեակներ: Հայաստանի ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի յիսուն սկաուտներ մասնակցեցան Երեւանի մէջ: Պէյրութի ՀԵԸ-ը ապահովեց քաղաքի մեծաթիւ մասնակցութիւնը: Լոս Անճէլըսէն եւ շրջակայքէն կը մասնակցէին ՀԲԸՄ-ի Ասպետներ, ՀԲԸՄ-ի Լոս Անճէլըսի Երգչախումբը, Մանուկեան-Տէմիրճեան Վարժարանը, Օրէյնճ Քաունթիի Շաբաթօրեայ Դպրոցը, Փասատինա-Կլէնտէյլ Մասնաճիւղը, Փասատինա-Կլէնտէյլի Սկաուտները եւ Տիկնանց Յանձնախումբը:
Առաջնորդութիւն եւ Գնահատանանք
ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Վարդգէս Գնաճեան, Զուիցերեայէն, կը գլխաւորէր այս Համաշխարհային Վազք Քայլարշաւը: Անոր անձնական հետաքրքրութիւնը եւ սէրը այս մարզաձեւին նկատմամբ նախաձեռնութեան գլխաւոր մղիչն էր: Գնաճեան իր մանկութենէն եղած էր Եթովպիա ուր վազքը մաս կազմած է տեղական մշակոյթին եւ ինքնութեան: 1997-ին ան մասնակցած էր Էնթուըրբ Մարաթօն-ին, աւելի քան 50,000 տոլար հանգանակելով ի նպաստ ՀԲԸՄ-ի Տարեցներու Ճաշասրահներու Ծրագրին:
Անդրադառնալով նախաձեռնութեան արձանագրած յաջողութեան, Գնաճեան նշեց՝ «Ասիկա, իր բարեսիրական նպատակին կողքին հիանալի առիթ մը եղաւ համախմբելու ամէն տարիքի անձեր, ամրապնդելու անոնց կապը ՀԲԸՄ-ին հետ, նաեւ տարբեր համայնքներ ի մի բերելու հասարակաց նպատակի մը շուրջ: Յատկապէս տպաւորիչ էր տեսնել Թօքիոյի եւ Շանկհայի նման քաղաքներու մասնակցութիւնը: Ես խանդավառ եմ տարուէ տարի այս նախաձեռնութեան յաւելեալ յաջողութեամբ, քաջալերելու համար մեր երիտասարդական ծրագիրները, միաժամանակ մեր համաշխարհային շրջանակներուն միջեւ սերտացնելով միասնական կապերը:»
ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Անդամ Անի Մանուկեան, որպէս այս նախաձեռնութեան յատուկ դեսպան, Միութեան Կեդրոնական Գրասենեակէն իր մասնակցութիւնը բերաւ համակարգումի համընդհանուր աշխատանքնրուն, բացառիկ եռանդ եւ խանդավառութիւն ստեղծելով շարժումին շուրջ: «Մինչ ՀԲԸՄ-ը կը նշէ իր հիմնադրութեան 120-ամեակը, խորապէս յուզիչ է տեսնել աշխարհի տարածքին 22 քաղաքներու սերտ համագործակցութիւնը ի նպաստ մանուկներու Նայիրի Ճամբարին: Իւրաքանչիւր քայլ եւ իւրաքանչիւր նուիրատուութիւն, անոնց համար պիտի ապահովէ յաւելեալ ջերմ մթնոլորտ, յոյս եւ ապաքինում:» ըսաւ ան:
Վազքին եւ քայլարշաւին մասնակցողներուն, նուիրատուներուն, տեղական հիւրընկալնրուն, կազմակերպիչներուն եւ կամաւորներուն համար, այս նախաձեռնութեան պատճառած հոգեկան գոհունակութիւնը յայտնապէս ակներեւ էր: Ոչ միայն բարենպատակ հանգանակութեան յաջողութեամբ պսակումով, այլեւ անոր պատճառած խանդավառութեամբ եւ ինքանվստահութեան զգացումով: Փաստ, որ միասնական ճիգերով կարելի է իրագործել ամէն բան: Գխաւոր հովանաւորող Եունիպէնք եւ այլ նուիրատու ընկերութիւններ, սատարեցին ՀԲԸՄ-ին, ապահովելով յաելեալ քաջալերանք եւ մղում մարդասիրական իր այս նախաձեռնութեան մէջ:
Նայիրի Ճամբարին Մասին
Նայիրի Ճամբարը հիմնուած է 2021-ին, Հանգաւանի շրջանին մէջ, օգնելու համար 2020-ի Արցախի պատերազմին պատճառով հոգեկան տագնապներու ենթարկուած մանուկներու եւ ընտանիքներու՝ վերականգնելու իրենց կենսունակութիւնը: Ճամբարէն ներս կը կազմակերպուին զբօսանքային ծրագրեր եւ կը տրամադրուի հոգեբանական աջակցութիւն մասնագէտ հոգեբաններու միջոցաւ: 2024-էն ի վեր ճամբարէն ներս կը կազմակերպուին շաբաթավերջի արուեստի եւ երաժշտութեան կազդուրիչ ձեռնարկներ մայրերու եւ մանուկներու համար: Վազքի այս ձեռնարկէն գոյացած գումարը պիտի յատկացուի բարձրորակ ճամբարային ընկերային ծրագիրներու մշակումին, մասնագէտ հոգեբաննրու ապահովումին եւ տարածքի ընդարձակումին:
ՀԲԸՄ-ի Զարգացման եւ Հանրային Կապերու Տնօրէն Քէրըն Փափազեան կը նշէ ՝ «Մեր ծրագիրն էր կազմակերպել այս նախաձեռնութիւնը այնպէս մը որ իւրաքանչիւր համայնք զայն կարենար իրը դարձնել եւ միանալ մեզի: Անիկա գերազանցեց մեր ակնկալութիւները, երբ հազաարաւոր անձեր միաժամանակ մարդասիրական քայլ առին աշխարհի տարածքին, մանուկներուն օգնելու միեւնոյն նպատակով: ՀԲԸՄ-ին յատուկ համընդհանուր միասնականութեան լաւագոյն դրսեւորումներէն մին էր ասիկա:»






