Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդի Բաց Քննարկման Բարձրացած է Սարսանգի Ջրամբարի Հարցը

ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդի Բաց Քննարկման Բարձրացած է Սարսանգի Ջրամբարի Հարցը

by MassisPost

22 Նոյեմբերին, ՄԱԿ Անվտանգութեան խորհուրդին մէջ տեղի ունեցած բաց քննարկման՝ «Միջազգային խաղաղութեան եւ անվտանգութեան ապահովում՝ Ջրային ռեսուրսներ, խաղաղութիւն եւ անվտանգութիւն» խորագրին ներքեւ, ելոյթ ունեցած է ՄԱԿ-ի ՀՀ մշտական ներկայացուցիչ, դեսպան Զօհրապ Մնացականեանը, որ մասնաւորապէս, նշած է, որ անդրսահմանային ջրային աղբիւրները հասարակութիւններու եւ ազգերու միջեւ ընկերային եւ տնտեսական փոխկախուածութիւն ստեղծած են, որ կրնայ երկրին մէջ եւ երկիրներու միջեւ վէճերու եւ հակամարտութիւններու պատճառ դառնալ, մինչդեռ փոխադարձ շահերու եւ փոխկախուածութեան գիտակցումը պէտք է հիմք ծառայէ տարածաշրջանային խաղաղութեան եւ անվտանգութեան ամրապնդման, ինչպէս նաեւ տնտեսական աճի համար:

Հայաստանի արտործնախարարութեան մամլոյ ծառայութեան տարածած հաղորդագրութեան համաձայն, Մնացականեանը ափսոսանք յայտնած է այն փաստին առնչութեամբ, որ նոյնիսկ նման բնոյթի հարցերուն Ատրպէյճան ընտրած է Հայաստանի վրայ ցեխ շպրտելու եւ մեղադրանքներ ներկայացնելու մօտեցումը: «Սարսանգի ջրամբարը, որն առանցքային նշանակութիւն ունի Լեռնային Ղարաբաղի տնտեսութեան համար` մեծապէս գիւղատնտեսական եւ էներկիայի արտադրութեան տեսանկիւնից, գտնուում է Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւնների մշտական վերահսկողութեան ներքոյ»,- ընդգծած է Զօհրապ Մնացականեանը:

Ան յիշեցուցած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւնները, որպէս բարի կամքի դրսեւորում, բազմիցս առաջարկած են ջրային աղբիւրներու համատեղ օգտագործման մեքենականութիւն, ինչը եւս կրնայ ծառայել որպէս կողմերու միջեւ վստահութեան կառուցման միջոց:

Քննարկման ելոյթով հանդէս եկած են մօտ երկու տասնեակ երկիրներու ներկայացուցիչներ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment