Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Խաղաղութեան Համաձայնագրի Ստորագրումն Ու Վաւերացումը Պէտք Է Ըլլան Կառավարութեան Առաջնահերթութիւններէն. Փաշինեան

Խաղաղութեան Համաձայնագրի Ստորագրումն Ու Վաւերացումը Պէտք Է Ըլլան Կառավարութեան Առաջնահերթութիւններէն. Փաշինեան

by MassisPost

Հայաստանի կառավարութիւնը պէտք է խաղաղութեան նկատմամբ մարդոց վստահութիւնը հասցնէ վերջնական արդիւնքի՝ խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրման եւ վաւերացման։ Կառավարութեան Հոկտեմբեր 1-ի նիստին այս մասին յայտնած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։

Վարչապետին գնահատմամբ՝ տնտեսական աշխուժութիւնն ու անշարժ գոյքի շուկայի ցուցանիշերը կը վկայեն քաղաքացիներու լաւատեսութեան մասին։

Վարչապետին խօսքով՝ տնտեսութիւնը մեծապէս կապուած է մարդոց սպասումներուն եւ տրամադրութիւններուն հետ։ Ան նշեց, որ տնտեսական ցուցանիշերը խաղաղութեան նկատմամբ վստահութիւն կ’արտայայտեն՝ չնայած լրահոսին մէջ շրջանառուող խուճապային գնահատականներուն։

Փաշինեան ընդգծեց, որ խաղաղութիւնը արդէն իրականութիւն է, սակայն դեռ ամբողջութեամբ հաստատութենականցուած չէ։ Կառավարութիւնը, անոր խօսքով, պէտք է արդարացնէ մարդոց սպասումները եւ գործընթացը աւարտին հասցնէ։

«Միջանկեալ փուին հասել ենք։ Բայց դա միջանկեալ փուլ է, վերջնական հանգրուան չի։ Եւ պէտք է դէպի վերջնական հանգրուանը շարժուենք»,- ըսաւ վարչապետը։

Խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրման ու վաւերացման անհրաժեշտութեան ծիրին մէջ Փաշինեան յիշատակեց նաեւ TRIPP նախագիծը, սահմանազատումը, հաղորդակցութիւններու բացումը, Թուրքիոյ հետ գործընթացը, Հիւսիս–հարաւ ճանապարհը եւ «Խաղաղութեան խաչմերուկ» հայեցակարգը։

Ան կառավարութեան անդամները յորդորեց քաղաքական ուղերձներն ու ռազմավարութիւնները կառուցելու այդ առաջնահերթութեան շուրջ՝ կեդրոնանալով իրական կեանքի խնդիրներուն եւ գործնական լուծումներու վրայ։ Փաշինեանի խօսքով՝ ամէնօրեայ տեղեկատուական աղմուկը պէտք չէ շեղէ Կառավարութիւնը հիմնական ընելիքէն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment