Գործադիր իշխանութիւնը կը նախատեսէ յաջորդ տարի շուրջ 4,1 թրիլիոն դրամ ծախսել՝ ներկայիս փոխարժէքով շուրջ 11 միլիառ 120 միլիոն տոլար, այս տարուայ համեմատ ծախսերը պիտի մեծանան 12,24 տոկոսով, յաջորդ տարի պետական պիւտճէի պակասուրդը շուրջ 1,29 միլիառ տոլար պիտի կազմէ:
Պաշտպանութեան նախարարութեան շուրջ 620 միլիառ դրամ պիտի տրամադրեն՝ ներկայիս փոխարժէքով շուրջ 1,7 միլիառ տոլար, այս տարուայ համեմատ պաշտպանական ծախսերը կը մեծնան շուրջ 9,5 տոկոսով:
Առողջապահութեան նախարարութեան շուրջ 350 միլիառ դրամ պիտի տրամադրեն՝ ներկայիս փոխարժէքով շուրջ 960 միլիոն տոլար, առողջապահական ծասխերը կ’ընդլայնուին շուրջ 65 տոկոսով:
Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութեան շուրջ 1,1 թրիլիոն դրամ կը նախատեսեն յատկացնել՝ ներկայիս փոխարժէքով շուրջ 3 միլիառ տոլար՝ նախարարությեան պիւտճէն կ’ընդլայնուի շուրջ 9,2 տոկոսով:
Ելեւմուտքի նախարարութեան շուրջ 447 միլիառ դրամ կը նախատեսեն տրամադրել՝ ներկայիս փոխարժէքով շուրջ 123 միլիառ տոլար. այս գումարին հիմնական մասը ուղղած են պետական պարտքի սպասարկման՝ մարումներուն ու տոկոսագումարներու վճարումներուն, նախարարութեան պիւտճէն կը մեծնայ շուրջ 2 տոկոսով:
Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութեան շուրջ 440 միլիառ դրամ կը նախատեսեն տրամադրել՝ ներկայիս փոխարժէքով շուրջ 120 միլիոն տոլար, նախարարութեան պիւտճէն պիտի ընդլայնուի շուրջ 3,8 տոկոսով:
Տարածքային կառավարման նախարարութեան շուրջ 363 միլիառ դրամ կը նախատեսեն յատկացնել՝ ներկայիս փոխարժէքով շուրջ 995 միլիոն տոլար, նախարարութեան ծախսերը կ’ընդլայնուին շուրջ 11,6 տոկոսով:
Ներքին գործերու նախարարութեան շուրջ 145 միլիառ դրամ կը ծրագրեն յատկացնել՝ ներկայիս փոխարժէքով շուրջ 400 միլիոն տոլար, նախարարութեան պիւտճէն կ’ընդլայնուին շուրջ 40,4 տոկոսով:
Տնտեսութեան նախարարութեան շուրջ 85 միլիառ դրամ կը նախատեսեն տրամադրել՝ ներկայիս փոխարժէքով շուրջ 230 միլիոն տոլար, նախարարութեան պիւտճէն կ’ընդլայնուի շուրջ 12 տոկոսով:
2027 թուականի պետական պիւտճէի նախագիծը պիտի հաստատուի, երբ արժանանայ նաեւ Ազգային Ժողովի հաւանութեան:

