«Ռոսատոմը» պաշտօնապէս Հայաստանին առաջարկ ըրած է միջազգային գործակցութեան ձեւաչափով կառուցել 1 Քվթ հզօրութեամբ նոր աթոմակայան։
Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ մամուլի ասուլիսի ժամանակ այս մասին ըսած է «Ռոսատոմ» պետական ընկերակցութեան գլխաւոր տնօրէն Ալեքսէյ Լիխաչեւը։
Անոր խօսքով՝ յառաջիկայ ամիսներուն Հայաստանի կառավարութիւնը պէտք է վերջնական որոշում կայացնէ նոր աթոմակայանի տեխնիկական բնութագրերուն եւ շինարարութեան գործընկերոջ ընտրութեան վերաբերեալ։
Պաշտօնեան յայտնած է՝ «Ռոսատոմը» հայկական կողմին պաշտօնական առաջարկ ներկայացուցած է 1000 Մվթ հզօրութեամբ Ւուէռ-1000 ուժանիւթապլոքի կառուցման վերաբերեալ եւ ռուսական կողմը պատրաստ է նախագիծը իրականացնելու համարկուած միջազգային գործակցութեան ձեւաչափով՝ շինարարութեան ներգրաւելով այլ երկիրներ, այդ շարքին՝ Ֆրանսայի, Հարաւային Քորէայի եւ Չինաստանի արտադրողներու, եթէ Երեւանը նման ցանկութիւն յայտնէ։
Ելեկտրուժի սպառման տարեկան շուրջ 4 տոկոս աճի պայմաններու մէջ, ըստ փորձագէտներու կանխատեսումներու, 2036 թուականին Հայաստանին անհրաժեշտ պիտի ըլլայ նման հզօրութեան հիմնական վերարտադրում՝ յառաջացող անբաւարարութիւնը ծածկելու համար։

