Սեպտեմբեր 30-ին պաշտօնապէս մեկնարկած է Եւրոպական Միութեան ֆինանսաւորմամբ իրականացուող երկամեայ «Թուինինկ» ծրագիրը՝ «Աջակցութիւն Հայաստանի մէջ առողջութեան համընդհանուր ապահովագրութեան բարեփոխման իրականացման»։
Ծրագրին նպատակն է աջակցիլ Հայաստանի մէջ առողջութեան համընդհանուր ապահովագրութեան արդիւնաւէտ իրականացման՝ ամրապնդելով ոլորտի հաստատութենական կարողութիւնները, կատարելագործելով առողջապահութեան ֆինանսաւորման մեխանիզմները եւ զարգացնելով իրաւական ու հաստատութենական շրջանակները։
Առողջապահութեան նախարար Անահիտ Աւանեսեան ընդգծած է, որ առողջութեան համընդհանուր ապահովագրութեան ներդրմամբ մեկնարկած է Հայաստանի առողջապահական համակարգի զարգացման նոր փուլը։
«Մեր գլխաւոր նպատակն է, որ իւրաքանչիւր քաղաքացի առողջութեան հետ կապուած որեւէ խնդրի դէպքում կարողանայ ստանալ անհրաժեշտ բժշկական օգնութիւնը ժամանակին եւ արդիւնաւէտ։ Մենք պէտք է հասնենք նրան, որ որեւէ ընտանիք առողջական խնդրի պատճառով ստիպուած չլինի վաճառել իր տունը կամ զրկուել առաջնային կարիքները հոգալու հնարաւորութիւնից»։
Նախարարը կարեւորած է նաեւ առողջապահական բարեփոխումներու ազդեցութիւնը բնակչութեան առողջութեան ցուցանիշերուն վրայ։
«Հայաստանում կեանքի միջին տեւողութիւնը շարունակաբար աճում է․ 2024 թուականին այն առաջին անգամ հասել է 78.6 տարուայ, իսկ 2025 թուականին՝ 78.9 տարուայ»,- նշած է նախարարը:
Ծրագիրը կ’իրականացուի Եւրոպական Միութեան, Խրուաթիոյ Հանրապետութեան եւ Սլովենիոյ Հանրապետութեան, Հայաստանի Հանրապետութեան Առողջապահութեան նախարարութեան համագործակցութեամբ։

