Հայաստանի Հանրապետութեան մայրաքաղաք՝ Երեւանի մէջ, իր աշխատանքները աւարտեց Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան 23-րդ Համագումարը, որուն կը մասնակցէին Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ գործող կուսակցական կառոյցներէն լիազօրուած պատգամաւորները։
Ժողովականները գոհունակութեամբ արձանագրեցին վերջին տարիներուն հայրենիքի մէջ տեղի ունեցած խաղաղութեան հաստատման, տնտեսութեան ազատականացման, ժողովրդավարութեան ամրապնդման, բնակչութեան կենսամակարդակի բարձրացման եւ այլ ուղղութիւններով առնուած քայլերը։
Համագումարը ողջունեց Հայաստանի Հանրապետութեան վարած բազմաբեւեռ, հաւասարակշռուած եւ նախաձեռնողական արտաքին քաղաքականութիւնը, որ հիմնուած է ինքնիշխանութեան փոխադարձ յարգանքի եւ տնտեսական փոխշահաւէտութեան վրայ։ Այդ ամէնուն արդիւնքով ձեւաւորուած ռազմավարական եւ տնտեսական գործընկերութիւնները կը նպաստեն Հայաստանի պաշտպանական կարողութիւններու արդիականացմանն ու ամրապնդման, ինչպէս նաեւ տնտեսական նոր հնարաւորութիւններու ստեղծման՝ Հայաստանը դարձնելով Արեւելք-Արեւմուտք հաղորդակցութեան ուղիներու անքակտելի մաս։
Ժողովը նաեւ մտահոգութիւն յայտնեց որոշ խնդիրներու վերաբերեալ, որոնք կը մնան հասարակութեան ուշադրութեան առարկան։ Անոնց շարքին են դատաիրաւական համակարգէն ներս տիրող առկայ իրավիճակը եւ աշխատաւորներու իրաւունքներու ոչ բաւարար պաշտպանուածութիւնը։
Համագումարը դրական գնահատեց Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ շարունակուող բանակցային գործընթացը եւ անհրաժեշտ նկատեց երկու հարեւան ու ինքնիշխան պետութիւններուն միջեւ բնականոն եւ կանխատեսելի յարաբերութիւններու հաստատումը։
Համագումարը վերահաստատեց Կուսակցութեան այն մօտեցումը, որ անհրաժեշտ է Հայ-թրքական յարաբերութիւնները զանազանել Հայաստան-Թուրքիա՝ պետութենէ պետութիւն յարաբերութիւններէն։ Միաժամանակ, բանակցային գործընթացը բնաւ չի նշանակեր Թուրքիոյ նկատմամբ հայ ժողովուրդի արդար պահանջներէն հրաժարում։
Համագումարը գտաւ, որ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան գործընթացը իր աւարտին հասցնելը եւ բնականոն յարաբերութիւններ հաստատելը կը բխին երկու երկիրներու եւ ամբողջ տարածաշրջանի ժողովուրդներու շահերէն։ ԻսկՊաքուի բանտերուն մէջ արգելափակուած հայ գերիներու ազատ արձակումը, անյայտ կորածներու յայտնաբերումը, սահմանազատումը եւ Ատրպէյճանական զօրքերու Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներէն դուրս բերումը կը շարունակեն մնալ առաջնահերթ հարցեր։
Համագումարը դատապարտելի համարեց Ատրպէյճանի կողմէ հայկական պատմամշակութային յուշարձաններու ինքնութեան եւ պատկանելիութեան խեղաթիւրման փորձերն ու խաղաղութեան գործընթացը խաթարող հռետորաբանութիւնը։
Միւս կողմէ, Համագումարը կարեւորեց Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները աւելի գործնական դարձնելու եւ Սփիւռքի ներուժը աւելի արդիւնաւէտ կերպով օգտագործելու անհրաժեշտութիւնը՝ առաջնահերթութիւնը տալով Հայաստանի պետականութեան ամրապնդման եւ հզօրացման։
Համագումարը գտաւ, որ ի տես Սփիւռքի դիմագրաւած ազգային եւ ընկերային լուրջ մարտահրաւէրներուն, մանաւանդ ուծացման վտանգի տագնապի ահագնացման՝ այսօր աւելի քան երբեք անհրաժեշտ է Հայաստանի Հանրապետութեան յատուկ հոգատարութիւնը՝ օժանդակելու հայապահպանման յոյժ կարեւոր գործին։
Ս.Դ.Հ.Կ. Կեդրոնական Վարչութիւն
29 Սեպտեմբեր, 2026

