Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Նիկոլ Փաշինեան Եւ Ալեքսանտր Թիման Քննարկած Են Հայաստանի Կառավարութեան Եւ ԱՄՀ-ի Միջեւ Համագործակցութեան Ընթացքը

Նիկոլ Փաշինեան Եւ Ալեքսանտր Թիման Քննարկած Են Հայաստանի Կառավարութեան Եւ ԱՄՀ-ի Միջեւ Համագործակցութեան Ընթացքը

by MassisPost

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է է Արժոյթի Միջազգային Հիմնադրամի (ԱՄՀ) հայաստանեան առաքելութեան ղեկավար Ալեքսանտր Թիմանը։

Նիկոլ Փաշինեան կարեւորած է ՀՀ կառավարութեան եւ ԱՄՀ-ի միջեւ ձեւաւորուած սերտ համագործակցութիւնն ու Հայաստանի մէջ համատեղ իրականացուող ծրագրերը։ Այս առումով, Նիկոլ Փաշինեան յաւելած է, որ ԱՄՀ–ի հետ իրականացուող ծրագրերը կը նպաստեն ՀՀ կառավարութեան բարեփոխումներու օրակարգին արդիւնաւէտ իրականացման։

Ալեքսանտր Թիման ընդգծած է ՀՀ կառավարութեան հետ փոխգործակցութեան արդիւնաւէտութիւնը եւ նշած, որ ԱՄՀ-ն եւս շահագրգիռ է համատեղ օրակարգի հետեւողական յառաջմղման գործով։

Զրուցակիցները քննարկած են ընթացիկ համագործակցութեան եւ հետագայ ծրագրերուն վերաբերող հարցեր։ Անդրադարձ կատարուած է տնտեսական խոշոր զարգացումներուն եւ հարկապիւտճէական քաղաքականութեան հիմնական ուղղութիւններուն: Միտքեր փոխանակուած են նաեւ տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցող գործընթացներուն, այդ շարքին՝  ենթակառուցուածքային նախագիծերու շուրջ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment