Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ես Ձեզմէ Կը Խնդրեմ՝ Մի՛ Շտապէք Հեռանալու ԵԱՏՄ Շուկայէն․ Լուքաշենքօ Դիմած Է Հայաստանին

Ես Ձեզմէ Կը Խնդրեմ՝ Մի՛ Շտապէք Հեռանալու ԵԱՏՄ Շուկայէն․ Լուքաշենքօ Դիմած Է Հայաստանին

by MassisPost

Պելառուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօ կոչ ըրած է Հայաստանին դուրս չգալու ԵԱՏՄ ընդհանուր շուկայէն եւ չշտապելու հրաժարելու այն ամէնէն, ինչ որ այսօր օգուտ կու տայ։

«Հայաստանը պէտք չէ շտապէ անդին նետել այն, ինչ որ այսօր իրեն օգուտ կու տայ։ Պէտք չէ դուրս գալ այդ ընդհանուր շուկայէն (ԵԱՏՄ-էն)»,- ըսած է ան Եւրասիական Միջկառավարական Խորհուրդի նիստին մասնակցող կառավարական պատուիրակութիւններու ղեկավարներուն հետ հանդիպման ընթացքին։

Ան յաւելած է, որ ԵԱՏՄ անդամ երկիրներուն որեւէ այլ կառոյցի մէջ նոյն կերպ չեն ընդունիր ու սպասեր:

«Ես ձեզմէ կը խնդրեմ՝ մի՛ շտապէք հեռանալու անկէ։ Հաւատացէք ինծի՝ որպէս ծեր նախագահ, որ արդէն գրեթէ 30 տարիէ կ’աշխատի, որեւէ տեղ մեզ չեն սպասեր»,- իր կարծիքը յայտնած է Պելառուսիոյ  նախագահը։

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան տեսակապի միջոցով մասնակցած է Եւրասիական Միջկառավարական Խորհուրդի (ԵՄԽԽ) նիստին, որ տեղի ունեցաւ Մինսքի մէջ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment