Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հրապարակուած Է 2026 Թուականի Խաղաղութեան Համաշխարհային Ցուցակը. Հայաստանը Բարելաւած Է Դիրքերը 21 Հորիզոնականով

Հրապարակուած Է 2026 Թուականի Խաղաղութեան Համաշխարհային Ցուցակը. Հայաստանը Բարելաւած Է Դիրքերը 21 Հորիզոնականով

by MassisPost

Տնտեսութեան եւ խաղաղութեան հիմնարկը հրապարակած է 2026 թուականի Խաղաղութեան համաշխարհային ցուցակը, ըստ որուն՝ Հայաստանը 163 երկիրներու շարքին 1,825 միաւորով 51-րդ հորիզոնականը կը զբաղեցնէ՝ բարելաւելով դիրքը 21 հորիզոնականով։

Արեւելեան Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ 2026 թուականի GPI-ի համաձայն՝ Հայաստանը արձանագրած է տարածաշրջանին մէջ ամենամեծ համատեղ տոկոսային բարելաւումը՝ ընդհանուր ցուցանիշը բարելաւելով չորս տոկոսով։

Աշխարհի մէջ 51-րդը եւ տարածաշրջանին մէջ 6-րդ տեղը զբաղեցնող Հայաստանի դիրքերու բարելաւումը պայմանաւորուած է անվտանգութեան եւ պաշտպանուածութեան ոլորտին մէջ արձանագրած 9,3 տոկոսով բարելաւմամբ։

Ցոյցերու ընթացքին բռնութեան ցուցանիշը արձանագրած է 42,9 տոկոս բարելաւում, մինչդեռ քաղաքական ահաբեկչութեան սանդղակի ցուցանիշը բարելաւուած է 33,3 տոկոսով։ Ընթացիկ հակամարտութեան ոլորտը նոյնպէս աննշան՝ 1,8 տոկոսով բարելաւուած է։

Կը նշուի, որ Հայաստանի բարելաւումը կ’արտացոլէ Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման աւելի լայն գործընթացը՝ երկիրներուն միջեւ տասնամեակներ շարունակուող ԼՂ հակամարտութեան լոյսին տակ։ Նշուած է, որ չնայած Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան հետ կապուած յառաջընթացին՝ Ատրպէյճանը արձաանգրած է տարածաշրջանին մէջ ամենամեծ վատթարացումը 2026 թուականի GPI-ին մէջ՝ ընդհանուր ցուցանիշը վատթարանալով 3,3 տոկոսով։

Աշխարհի մէջ 110-րդ եւ տարածաշրջանին մէջ 11-րդ տեղը զբաղեցնող Ատրպէյճանի դիրքերու վատթարացումը հիմնականին մէջ պայմանաւորուած է «ընթացիկ հակամարտութեան» ոլորտով, ուր ցուցանիշը աճած է 12,2 տոկոսով։

Վրաստանը արձանագրած է ցուցանիշի աննշան՝ մէկ տոկոսի վատթարացում՝ իջնելով 94-րդ հորիզոնական համաշխարհային մակարդակով եւ 10-րդ՝ տարածաշրջանային։

Թուրքիան արձանագրած է տարածաշրջանին մէջ համատեղ ամենամեծ բարելաւումը 2026 թուականի GPI-ի համաձայն՝ ընդհանուր ցուցանիշը բարելաւուած է 4,1 տոկոսով։ Աշխարհի մէջ 136-ն է, իսկ տարածաշրջանին մէջ կը զբաղեցնէ 13-րդ տեղը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment