Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Մոսկուան Դէմ Է TRIPP-ին. Քննադատութեան Ենթարկած Է Ամերիկեան Մասնակցութիւնը

Մոսկուան Դէմ Է TRIPP-ին. Քննադատութեան Ենթարկած Է Ամերիկեան Մասնակցութիւնը

by MassisPost

Ռուսաստանի Անվտանգութեան Խորհուրդը խիստ քննադատութեան ենթարկած է ամերիկեան մասնակցութեամբ «Թրամփի երթուղի» (TRIPP) ենթակառուցուածքային ծրագիրը՝ զգուշացնելով Հայաստանի մէջ ամերիկեան «պետութիւն պետութեան մէջ» ստեղծելու վտանգի մասին։ Այս հռետորաբանությունը կտրուկ կը հակադրուի ոչ միայն պաշտօնական Երեւանի դիրքորոշման, որ կը բացառէ որեւէ արտատարածքային միջանցքի գոյութիւն, այլեւ բուն Ռուսաստանի նախկին
մօտեցման, երբ Մոսկուան դրական տրամադրուած էր եւ կ’ուզէր անմիջական մասնակցութիւն ունենալ այս նախագիծին։

ՌԴ Անվտանգութեան Խորհբւրդի քարտուղարի տեղակալ Ալեքսէյ Շեւցովի համոզմամբ՝ երթուղիին նկատմամբ վերահսկողութեան միջոցով Միացեալ Նահանգները կրնայ Հայաստանի մէջ տեղակայել «մասնաւոր ռազմական ընկերութիւններ եւ հետախուզական ենթակառուցուածքներ»։

«Պէտք է նկատի ունենալ, որ ստեղծուող ամերիկահայկական ընկերութեան պիտի տրուի ճանապարհին ամբողջ երկայնքով անվտանգութեան ապահովումը, մինչդեռ հայկական կողմը պիտի իրականացնէ սահմանապահ եւ մաքսային հսկողութիւն»,-
ընդգծած է Շեւցով՝ յաւելելով, որ ատիկա, ըստ ՌԴ-ի, կասկածի տակ կը դնէ ամբողջ երթուղիին եւ փոխադրումներուն անվտանգութիւնը։ Միեւնոյն ժամանակ ռուսաստանցի պաշտօնեան ուշադրութիւն հրաւիրած է այն փաստին վրայ,
որ «Թրամփի երթուղի» հայ-ամերիկեան համատեղ նախագիծին մէջ Երեւանի մասնաբաժինը պիտի կազմէ 26%՝ ամերիկեան 74%-ին դիմաց, ինչ որ կը նշանակէ, որ հայկական կողմը պիտի չունենայ վերահսկիչ փաթեթ։

Շեւցով ծրագիրը որակած է որպէս «դասական յետգաղութային ձեւ»՝ նշելով, որ հաշուի առնելով Հորմուզի նեղուցը փակելու փորձերը, ապագայ առեւտրային փոխադրութեան միջանցքի «յուսալիութիւնը խիստ կասկածելի կը թուի»:

Յատկանշական է, որ ռուսական կողմի ներկայիս տագնապալի յայտարարութիւնները տրամագծօրէն կը տարբերին Հայաստանի կառավարութեան պաշտօնական դիրքորոշումէն։ Պաշտօնական Երեւանը բազմիցս յայտարարած է, որ
համաձայնագրով որեւէ արտատարածքային միջանցք կամ ՀՀ օրէնսդրութենէն դուրս գործող կառոյց պիտի չստեղծուի։ Հայաստանի իշխանութիւնները կը պնդեն, որ նախագիծը, ներառեալ ճանապարհային ու հեռահաղորդակցային
ենթակառուցուածքները, պիտի գործէ բացառապէս Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութեան, իրաւազօրութեան եւ օրէնքներուն ներքոյ։

Մոսկուայի այս դիրքորոշումը ակնյայտօրէն կը հակասէ իր իսկ նախկին մօտեցումներուն, երբ Ռուսաստանը բաւականին բարեհաճ կը վերաբերէր TRIPP-ին եւ նոյնիսկ քայլեր կը ձեռնարկէր նախագիծին մասնակցութիւն ունենալու ուղղութեամբ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment