Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Փասատինայի Հայկական Ճեմարանը Տօնեց Հայաստանի Անկախութեան 35-ամեակը

Փասատինայի Հայկական Ճեմարանը Տօնեց Հայաստանի Անկախութեան 35-ամեակը

by MassisPost

Փասատենա քաղաքի «Պլեր» պետական դպրոցի Հայկական Ճեմարանի աշակերտները 18 Սեպտեմբեր, 2026, Ուրբաթ օր դպրոցի սրահի մէջ խանդավառ յայտագիրով մը տօնեցին Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 35-ամեակը:

Հայաստանի անկախութեան նշումը ամենամեայ մեծ ծրագիր եւ ուրախութիւն է Ճեմարանի աշակերտներու համար: Անոնք վերամուտին արդէն կը ծրագրեն, թէ արդեօք ի՛նչ պաշտօն պիտի ունենան աշակերտական ճոխ յայտագիրի մէջ:

Այս տարի Անկախութեան յայտագիրը ունէր թէ՛ կատարումներ, եւ թէ՝ դաստիադակչական խօսքեր: Յայտագիրը սկսաւ Հայաստանի անկախութեան քայլերգի (օրհներգ) միաբերան կատարումով: Ապա բեմ եկան հանդիսավարները՝ 11րդ դասարանի աշակերտուհիներ Արմինէ եւ Նարինէ Դանիէլեան երկուորեակները: Անոնք մէկ առ մէկ բեմ հրաւիրեցին իրենց դասընկերները:

Նախ բեմ բարձրացան միջնակարգի աշակերտները: Անոնք արտասանեցին Համօ Սահեանի «Հայաստան ասելիս» բանաստեղծութիւնը: Միջնակարգի աշակերտուհի Իռեն Թորոսեանը արտասանեց Գեւորգ Ամինի «Թող յաւերժ ապրի մեր ժողովուրը» բանաստեղծութիւնը, իսկ Սոֆի Ղումաշեանը՝ Յովհաննէս Գրիգորեանի «Սա իմ երկիրն է» յուզիչ քերթուածը:

8րդ եւ 12րդ դասարանի աշակերտներ Համլետ Մելիք-Մուշկամբարեանը եւ Արեն Յովսէփեանը բեմ եկան Հայաստանի անկախութեան ճանապարհը եւ մեր նորածին Հանրապետութեան երկունքը պատմող ընթերցումներու կատարելու համար: Ապա բեմ ելան աւագ դասրաններու աշակերնտերը: Անոնք արտասանեցին Եղիշէ Չարենցի «Ես իմ անոյշ Հայաստանի» բանաստեղծութիւնը: Դանիէլեան քոյրերը, որպէս վերջին կատարում բեմ հրաւիրեցին Ճեմարանի բոլոր աշակերտները, որոնք եռանդով երգեցին Ռ. Հախվերդեանի «Իմ փոքրիկ նաւակ» երգը:

Վերջապէս բեմ եկաւ դպրոցի հիմնադիր ուսուցիչ Նորայր Տատուրեանը: Ան աշակերներուն պատմեց հայոց պատմութեան «ՈՉ»երը, սկսելով Հայկ հանապետի Բելին արձակած յայտնի ո՛չ-էն, թէ ինչպէս առաջին անգամ անկախացանք եւ ազգ դարձանք՝ եռաթեւ նետի մը հարուածով: Ն. Տատուրեան աշակերտներուն բացատրեց, թէ հայութեան անկախութեան պաշտպանական գիծերը շատ աւելի ընթարձակ են քան Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանները: Ամէն հայ, ըսաւ Տատուրեանը, սահմանագիծ մըն է: Ուստի Հայկական Ճեմարանի աշակերտները գրիչով եւ գիրքով կրնան պաշտպանել մեր 35-ամեայ անկախութիւնը: Ամէն անգամ,- լսեց աշակերտը-, որ աշակերտը խօսի հայերէն, երգէ եւ աղօթէ հայերէն, իր ազգային պարտականութիւնը կատարած կ’ըլլայ: Այս խօսքերէն վերջ ամբողջ սարհը, ներառեալ ծնողները եւ հիւրեր միաբերան երգեցին Տէրունական աղօթքը:

Ճեմարանի ծնողական յանձնախումբի անդամուհիները բեմ բերին անկախութեան նշաններով զարդարուած կարկանդակը: Ըստ սովորութեան, կարկանդակը կտրեցին 12րդ դասարանի աշակերտները:

Պլեր դպրոցի Հայկական Ճեմարանը հայեցի դաստիարակութիւն կու տայ Լոս Անճելըսի 6-12 դասարանի հայորդիներուն: Աշակերտները անէմ օր ունին հայոց լեզուի եւ գրականութեան դասեր, ինչպէս նաեւ հայկական պարի արտադասարանային ժամ: Ճեմարանը կը մասնակցի քաղաքիս արտասանական մրցումներուն, Փասատենայի ամենամեայ հայկական փառատօնին, շարադրական մրցումներուն, կը կազմակերպէ գրական երեկոներ, կը նշէ հայկական բոլոր ազգային եւ կրօնական տօները: Որպէս պետական դպրոց Հայկական Ճեմարանը անվճար է: Դպրոցի մասին յաւելեալ տեղեկութիւն ստանալու համար գրել [email protected] հասցէին, կամ այցելել Instagram ընկերային կայքի Blair Armenian Academy էջը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment