Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Կլէնտէլի Մէջ Փառատօնով Նշուեցաւ Հայաստանի Անկախութեան 35-Ամեակը

Կլէնտէլի Մէջ Փառատօնով Նշուեցաւ Հայաստանի Անկախութեան 35-Ամեակը

Կազմակերպութեամբ Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան

by MassisPost

Հարաւային Քալիֆորնիոյ հայ համայնքի հազարաւոր անդամներ հաւաքուեցան Կլենտէյլի գեղեցիկ Վերտուկօ Փարքին մէջ` մասնակցելու Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան 35-ամեակին նուիրուած Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան 27-րդ տարեկան Հայկական Անկախութեան Օրուան Փառատօնին:

Քալիֆորնիոյ պայծառ արեւին տակ, Վերտուկօ Փարքը վերածուած էր իսկական հայկական տօնախմբութեան վայրի մը: Ամբողջ այգին լեցուած էր Հարա հայ համայնքի վաճառականներու, գործարարներու, կազմակերպութիւններու եւ ծառայութիւններ մատուցող հաստատութիւններու տաղաւարներով:

Մօտ 15 հազար այցելուներ, ամբողջ օրուան ընթացքին,  առիթ ունեցան ծանօթանալու տարբեր ապրանքներու եւ ծառայութիւններու, վայելելու հայկական խոհանոցի համեղ ուտեստները եւ, ամէնէն կարեւորը, մէկտեղուելու` տօնելու Հայաստանի Անկախութիւնը եւ հայ ժողովուրդի հարուստ մշակութային ժառանգութիւնը:

Ժամը մօտ 11:30-ին, բեմական պաշտօնական ծրագիրը սկսաւ: Բեմը գեղեցիկօրէն զարդարուած էր Odet’s Cakes & Balloonsի կողմէ` ստեղծելով տօնական եւ գունեղ մթնոլորտ մը ամբողջ օրուան ձեռնարկին համար:

Բացման խօսքերը կատարեցին օրուան հանդիսավարները` Յարութիւն Մինասեան` հայերէն լեզուով, եւ Սթիվըն Յովակիմեան` անգլերէն լեզուով:

Իր խօսքին մէջ, Սթիվըն Յովակիմեան ընդգծեց, որ Հայաստանի անկախութիւնը միայն դրօշի, կառավարութեան կամ աշխարհագրական տարածքի մը հարցը չէ: Ան շեշտեց, որ անկախութիւնը նաեւ մեր լեզուն պահպանելու, ազատօրէն աղօթելու եւ պաշտամունք կատարելու, մեր զաւակներուն իրենց ինքնութիւնը սորվեցնելու, մեր երաժշտութիւնը, պարը, աւանդութիւններն ու պատմութիւնը պահպանելու եւ զանոնք սերունդէ սերունդ փոխանցելու ազատութիւնն ու պատասխանատուութիւնն է:

Ան ներկաներուն յիշեցուց, որ երբ բեմին վրայ հայ երեխաները կը պարեն, երբ հայկական երաժշտութիւնը կը լեցնէ Կլենտէյլի փողոցները եւ երբ հայկական ու ամերիկեան դրօշները հպարտօրէն կը ծածանին, այդ բոլորը կենդանի հայկական ժառանգութեան արտայայտութիւնն են:

«Սա է Հայաստանը` Հայաստանէն հազարաւոր մղոններ հեռու ապրող Հայաստանը», ըսաւ ան` ընդգծելով, որ հենց այս կենդանի ժառանգութիւնն է, որ հայ համայնքը կը դարձնէ առանձնայատուկ:

Յովակիմեան նաեւ երախտագիտութիւն յայտնեց Կլենտէյլ քաղաքի ղեկավարութեան, կազմակերպիչներուն, կամաւորներուն, հովանաւորներուն, արուեստագէտներուն, երաժիշտներուն, պարողներուն, համայնքային կազմակերպութիւններուն եւ բոլոր անոնց, որոնք իրենց աշխատանքով նպաստած էին տօնակատարութեան յաջողութեան:

Ան յատկապէս շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն` ընդգծելով, որ փառատօնը միայն բեմը, ձայնային սարքաւորումները կամ զարդարանքները չեն: Փառատօնը ժողովուրդն է` ընտանիքները, երեխաները, մեծերը, յիշողութիւնները, մշակոյթը եւ Հայաստանի հանդէպ սէրը, ինչպէս նաեւ Ամերիկայի հանդէպ երախտագիտութիւնն ու սէրը:

Ան, 27 տարի շարունակ այս տօնակատարութեան մասնակցած ըլլալու իր փորձառութենէն մեկնելով, ներկաները հրաւիրեց միասին տօնելու Հայաստանի անկախութեան 35-ամեակը, հայկական երաժշտութիւնը, պարը, մշակոյթը եւ հայ ոգին` սրտերը լեցուն երախտագիտութեամբ անցեալի հանդէպ եւ յոյսով` ապագայի համար:

Խօսքը եզրափակեց հետեւեալ օրհնութեամբ.

Կեցցէ’ Հայաստանի Հանրապետութիւնը:

Կեցցէ’ հայ ժողովուրդը:

Աստուած օրհնէ Հայաստանը:

Աստուած օրհնէ հայ ժողովուրդը:

Եւ Աստուած շարունակէ օրհնել Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները եւ Կլենտէյլի հրաշալի քաղաքը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment