Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Հայ Հոգեւոր Առաջնորդները եւ ՀՀ Դեսպանը Հանդիպած Են Նախագահ Տոնալտ Թրամփին

Հայ Հոգեւոր Առաջնորդները եւ ՀՀ Դեսպանը Հանդիպած Են Նախագահ Տոնալտ Թրամփին

by MassisPost

Հայ հոգեւոր առաջնորդներն ու ԱՄՆ-ի մէջ ՀՀ դեսպանը հիւրընկալուած են ԱՄՆ նախագահ Տոնալտ Թրամփին կողմէ, հաւաքական աղօթք հնչեցուցած են Հայաստանի, ԱՄՆ-ի եւ Հայաստանի մէջ հաստատուած խաղաղութեան աջակցած նախագահ Թրամփի համար։

Հանդիպման մասնակցած են Հայաստանեայց Առաքելական Սբ. եկեղեցւոյ ԱՄՆ Արեւմտեան եւ Արեւելեան թեմերու առաջնորդներ գերշ. Տ. Յովնան արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանը եւ գերշ. Տ. Մեսրոպ եպս. Պարսամեանը, Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ԱՄՆ Արեւելեան եւ Արեւմտեան թեմերու առաջնորդներ գերշ. Տ. Անուշաւան արք. Դանիէլեանը եւ Գեղամ արք. Խաչերեանը, Հիւսիսային Ամերիկայի եւ Գանատայի Հայ Կաթողիկէ առաջնորդ արհ. Տ. Միքայէլ եպս. Մուրատեանը, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Միութեան աւագ հովիւ վերապատուելի Հենրիկ Շահնազարեանը։

President Donald J. Trump meets with Armenian Faith Leaders alongside White House Faith Office Advisor Paula White-Cain in the Oval Office, September 16, 2026. (Official White House Photo by Joyce N. Boghosian)

Հանդիպման ընթացքին միտքեր փոխանակուած են ՀՀ եւ ԱՄՆ միջեւ յարաբերութիւններու, երկու ժողովուրդներուն միջեւ քրիստոնէական-քաղաքակրթական կապերու, կրօնական ազատութիւններու, ինչպէս նաեւ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման ուղղուած ջանքերուն շուրջ։ Կարեւորուած է խաղաղութեան հաստատման եւ ժողովուրդներուն միջեւ փոխըմբռնման ամրապնդման անհրաժեշտութիւնը՝ ընդգծելով հաւատքի եւ հոգեւոր արժէքներու նշանակութիւնը այս գործընթացին մէջ։

Հայ հոգեւոր առաջնորդները հնչեցուցած են հաւաքական աղօթք եւ Աստուծոյ օրհնութիւնը հայցած են Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու ժողովուրդներու բարօրութեան եւ ապագայի, երկու երկիրներուն միջեւ բարեկամութեան համար։

Հոգեւոր առաջնորդները իրենց աղօթքին մէջ անդրադարձած են նաեւ խաղաղութեան հաստատման ուղղուած ջանքերուն՝ ընդգծելով ԱՄՆ նախագահ Տոնալտ Թրամփի ներդրումը ՀՀ-ի մէջ հաստատուած խաղաղութեան գործընթացին մէջ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment