Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ «Քորփորասիոն Ամերիկա օդակայաններ» ընկերութեան գործադիր տնօրէն Մարթին Էօռնէքեան քննարկած են «Զուարթնոց» ու «Շիրակ» օդակայաններու արդիականացման եւ թողունակությեան յաւելման ներդրումային ծրագրերը։
Վարչապետը կարեւորած է ընկերութեան գործունէութիւնը Հայաստանի մէջ եւ նշած, որ Կառավարութիւնը շահագրգիռ է փոխշահաւէտ գործընկերութեան զարգացմամբ եւ ընդլայնմամբ։
Մարթին Էօռնէքեանը վարչապետին ներկայացուցած է Հայաստանի մէջ «Քորփորասիոն Ամերիկա»-ի կողմէ իրականացուող ծրագրերու ընթացքը եւ ընդլայնման հեռանկարները: Մասնաւորապէս, անդրադարձ կատարուած է ընկերութեան կառավարման տրուած Երեւանի «Զուարթնոց», Կիւմրիի «Շիրակ» օդակայաններու զարգացման, ենթակառուցուածքներու բարելաւման, ինչպէս նաեւ այլ ներդրումային նախագիծերու։ Այս առումով, քննարկուած են նախագիծերու իրականացման վերաբերող շարք մը հարցեր, որոնք պիտի նպաստեն օդագնացութեան շուկայի զարգացման, զբօսաշրջութեան ոլորտի զարգացման զուգահեռ ուղեւորահոսքերու, օդակայաններու թողունակութեան յաւելման, որակեալ ծառայութիւններու մատուցման եւ այլն։
Կողմերը պայմանաւորուած են շարունակել քննարկումները՝ հետագայ քայլերու շուրջ:


