Հայց. Եկեղեցւոյ ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմը աւարտեց իր ծխական համայնքներու աննախադէպ հարցախոյզը, որ կատարուեցաւ 2026-ի Մայիսէն Յուլիս ամիսներուն։ Հարցախոյզը փաստացի տուեալներու վրայ հիմնուած լայն պատկեր մը կը ներկայացնէ ամբողջ Թեմի եկեղեցական համայնքներու ու ծխականներու հաւատքին, փորձառութիւններուն, առաջնահերթութիւններուն եւ մասնակցութեան մասին։
Հարցախոյզին մասնակցած են Արեւմտեան Թեմի ծխական համայնքներէն աւելի քան 1,100 հոգի՝ Քալիֆորնիոյ եւ այլ նահանգներու մէջ, ինչպէս՝ Արիզոնայի, Քոլորատոյի, Նեւատայի, Օրեկոնի եւ Ուաշինկթընի։ Պատասխանողներուն մէջ եղած են թէ՛ անդամատուրք վճարող ծխականներ եւ թէ՛ ծխական համայնքի աւելի լայն շրջանակին պատկանող անձեր, որոնք եկեղեցի կը յաճախեն եւ կը մասնակցին անոր կեանքին։
Հարցախոյզը ընդգրկած է բազմաթիւ բնագաւառներ, ներառեալ՝ անձնական հաւատքն ու հոգեւոր կեանքը, պաշտամունքային կեանքն ու քարոզչութիւնը, ծխական անդամակցութիւնն ու պատկանելիութեան զգացումը, հովուական ծառայութիւնը, Ծխական Խորհուրդները, համայնքային ներգրաւուածութիւնը, կամաւոր ծառայութիւնը, ինչպէս նաեւ ծխական ծրագիրներն ու գործունէութիւնները։
«Այս հետազօտութիւնը աննախադէպ նախաձեռնութիւն մըն է Հայց. Եկեղեցւոյ մէջ», ըսաւ Թեմի «Հաստատութենական Նորարարութեան» նախագիծի տնօրէն եւ հարցախոյզի ղեկավար Դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեան։ «Որքան որ տեղեակ եմ, ո՛չ մէկ հայկական թեմ, եւ ընդհանրապէս Հայց. Եկեղեցին, նախապէս այսպիսի տարողութեամբ ծխական հարցախոյզ մը կատարած է, որ ամբողջ թեմի մը կրօնական եւ համայնքային կեանքի բազմաթիւ երեսները կ’ուսումնասիրէ»։ Դոկտ. Չիլինկիրեան բացատրեց, որ ծխականներու մասնակցութեան չափը պարզելէ անդին, ուսումնասիրութիւնը նպատակ ունէր հասկնալու, թէ ծխականները ինչպէ՛ս կ’ապրին իրենց հաւատքն ու Եկեղեցւոյ հետ իրենց կապը եւ ի՛նչը կ’արժեւորեն ծխական կեանքին մէջ։
Յառաջիկայ ամիսներուն հարցախոյզի արդիւնքները պիտի վերլուծուին եւ հանրութեան ներկայացուին հրապարակային զեկուցումներու, ծխական համայնքներու հետ քննարկումներու եւ հրատարակութիւններու միջոցով։
«Իր տեսակին մէջ այս առաջին հետազօտութիւնը մեզի առիթ կու տայ ուշադրութեամբ նկատի առնելու մեր ծխականներու կարծիքները եւ աւելի խորապէս հասկնալու անոնց հոգեւոր եւ համայնքային կարիքները», ըսաւ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան։ «Արդիւնքները կարեւոր աղբիւր մը պիտի հանդիսանան Թեմին եւ մեր ծուխերուն համար։ Գալ տարի թեմիս 100-ամեակը պիտի նշենք, եւ այս ուսումնասիրութիւնը կարեւոր առիթ է, որպէսզի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու տարածքին շարունակենք մշակել եւ կառուցել կենսունակ, հիւրընկալ եւ Քրիստոսակեդրոն ծխական համայնքներ»։
Մինչ Արեւմտեան Թեմը կը պատրաստուի 2027-ին նշելու իր հիմնադրութեան 100-ամեակը, նախնական արդիւնքները ժամանակին եւ արժէքաւոր պատկեր մը կը ներկայացնեն ծխական կեանքին մասին՝ ի յայտ բերելով համայնքներ, որոնք կը յատկանշուին զօրաւոր հաւատքով եւ Հայ Եկեղեցւոյ հանդէպ խոր կապուածութեամբ։ Միեւնոյն ժամանակ, հարցախոյզը ի յայտ կը բերէ ծխական կեանքը, հովուական ծառայութիւնը, հաղորդակցութիւնը եւ համայնքային մասնակցութիւնը առաւել եւս ամրապնդելու կարելիութիւններ։

