Կիրակի, Օգոստոս 23-ին, Կլէնտէյլի «Ֆենիսիա» ճաշարանի սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Հայկական Կրթական Բարեսիրական Միութեան (ՀԿԲՄ) 8-րդ տարեկան կրթանպաստներու բաշխման հանդիսութիւնը, որուն ներկայ էին կազմակերպութեան բարեկամներ, նուիրատուներ եւ պարգեւատրուող ուսանողներու ծնողներ:
Հանդիսութեան բացումը կատարեց Յարութ Տէր Դաւիթեան: Ան նշեց, որ համալսարանական ուսում ստանալը ոչ միայն կը նպաստէ անհատի զարգացման, այլ նաեւ հաւաքականութեան յառաջխաղացման: Ան կարեւորեց բարերարներու ազդեցիկ դերը` թիկունք կանգնելու յառաջադէմ եւ խոստմնալից երիտասարդներու, որոնք կը զարգացնեն իրենց գիտելիքները եւ օգտակար կþըլլան իրենց ազգին:
Բերելով իր եւ 60 տարիներէ ի վեր իր մտերիմ ընկերոջ` Վաչէ Պապիկեանի օրինակները` ան նշեց, որ իրենք կրցան համալսարանական ուսման տիրանալ շնորհիւ բարերարներու աջակցութեան: Երախտագիտական այդ զգացումն էր, որ մահուան սեմին գտնուող Վաչէն պատուիրեց իր ընտանիքին, որ իր յուղարկաւորութեան փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կատարուին ՀԿԲՄ-ի Կրթանպաստի Հիմնադրամին:
Ապա ան ներկայացուց օրուան հանդիսավար` Ալիսըն Ղաֆարին, եւ զայն հրաւիրեց վարելու հանդիսութիւնը:
Օր. Ղաֆարի իր խօսքը սկսաւ ողջունելով միութեան աջակիցները, նոր դէմքեր` կրթանպաստ ստացող ուսանողներն ու անոնց հպարտ ընտանիքները, որոնք եկած են տօնելու այս յատուկ առիթը, ու ապա ըսաւ. «Հայկական Կրթական Բարեսիրական Միութիւնը հիմնադրուած է 1969-ին, Լիբանանի Պէյրութ քաղաքին մէջ: Անոր հիմնական առաքելութիւնն էր նիւթական օժանդակութիւն տրամադրել անապահով հայ ուսանողներուն` աշխարհասփիւռ հայութեան առջեւ ծառացած շարունակական դժուարութիւններուն հետեւանքով:
ՀԿԲՄ ընդլայնած է իր գործունէութեան շրջանակը ներառելով առողջապահական եւ ընկերային ծառայութիւններ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի հայութեան համար:
«Միացեալ Նահանգներու մէջ բարձրագոյն ուսում հետապնդող հայ ուսանողներուն
աջակցելու նպատակով, 2019-էն ի վեր ամէնամեայ կրթաթոշակներ կը շնորհենք բարձրագոյն ուսում հետապնդող ամերիկահայ ուսանողներուն:
«2021-ին ծրագիրը ընդլայնուեցաւ` ընդգրկելով նաեւ Հայաստանի եւ Լիբանանի հայ ուսանողները` նկատի ունենալով համավարակին, Արցախի դէմ յարձակումներուն եւ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետեւանքով ստեղծուած ծանր պայմանները:
«Այս տարի կրթաթոշակներ կը շնորհուին Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու ուսանողներուն: Յանձնախումբը ստացած է բացառիկ մեծ թիւով տպաւորիչ դիմումներ, որ ընտրութեան գործընթացը դարձուցած է թէ’ ոգեւորիչ, թէ’ դժուարին»:
Ան յայտնեց, որ ՀԿԲՄ-ի Երեւանի մասնաճիւղը կրթանպաստները պիտի յանձնէ Հայաստանի իր շահառուներուն: Տեղի ունեցաւ ճաշի սպասարկում, որուն յաջորդեցին Տիգրան եւ Շիրազ Մելիքեան եղբայրներու երաժշտական կատարումները:
Ապա, հանդիսավարուհին ներկայացուց օրուան գլխաւոր բանախօս` Տիկին Արշօ Մելիքեանը: Ան ծնած է Լիբանան եւ մանկութեան տարիներուն տեղափոխուած է Լոս Անճելըս: ՀԲԸՄ-ի Մարի Մանուկեան վարժարանը աւարտելէ ետք յաճախած է UCLA համալսարանը, ուր որպէս երկրորդական մասնագիտութիւն ընտրած է հայագիտութիւն:
Աւելի քան 25 տարիներ Մելիքեան նուիրուած է կրթութեան` դասաւանդելով եւ տարբեր կրթական ու ղեկավար պաշտօններ ստանձնելով: Ներկայիս ան Toledo High School-ի Ուսուցիչներու պատրաստութեան ծրագրի տնօրէնն է:
Գործունէութիւն ծաւալած է Հայ համայնքէն ներս` երկար տարիներ ծառայելով Ս. Պետրոս Եկեղեցւոյ ամառնային ճամբարին մէջ: Ան նաեւ իր ներդրումը ունեցած է Հայ Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թեմի անգլերէն հրատարակութիւններու եւ հաղորդակցութեան աշխատանքներուն մէջ:
Ան իր ելոյթին մէջ յատկապէս ըսաւ. «Դարեր շարունակ, հայ ժողովուրդը իր գոյութիւնը պահպանած է դպրոցներով: Երբ իշխանութիւն չունէինք, դպրոց ունէինք: Եւ ահա այդ պատճառով է, որ այսօր հոս հաւաքուած ենք կրթանպաստներ շնորհելու համար: Կը գնահատեմ Հայ Կրթական Բարեսիրական Միութեան տարած ջանքն ու աշխատանքը` աջակցելու համար մեր զաւակներու կորովը եւ եռանդը` բարձր վկայականներ ստանալու համար:
Հետեւելով Մեսրոպ Մաշտոցի եւ Կորիւնի օրինակին` ուսումը միշտ եղած է հայ ժողովուրդի գոյատեւման ամենահզօր միջոցներէն մէկը: Սակայն, պիտի համարձակիմ ըսել, որ միայն ուսումը բաւարար չէ: Այո’ պատմութիւնը, գիտութիւնը, ասպարէզի մը մէջ մասնագիտանալը արժէքաւոր են: Սակայն մարդ արարածը կարելի չէ չափել միայն ուսումով: Ուսման կողքին դաստիարակութիւնն է, որ կ’ամբողջացնէ մարդը եւ, իմ կարծիքով, անձը կը դարձնէ ՀԱՅ: Մենք` որպէս ծնողներ, ուսուցիչներ, համայնքի առաջնորդներ, շատ աւելի մեծ առաքելութիւն ունինք, քան միայն մեր երիտասարդները համալսարան հասցնելը:
«Մեր պարտականութիւնն է մեր զաւակներուն փոխանցել այն բոլոր յատկութիւնները, որոնցով օժտուած է ամէն հայ` յարգանք, հիւրասիրութիւն, ազնուութիւն, ընտանիքի հանդէպ նուիրուածութիւն: Ահա’ այս արժէքներն են, որոնք պէտք է փոխանցենք մեր զաւակներուն: Եթէ մեր երեխաները գերազանց ուսում ստանան, բայց շրջապատին հանդէպ յարգանք չունենան, ուրեմն բան մը կիսատ ձգած ենք: Եթէ անոնք հռչակաւոր մասնագէտներ դառնան, բայց ազնուութիւն եւ խոնարհութիւն չսորվին, դարձեալ մեր գործը ամբողջացած պիտի չըլլայ:
«Յաճախ, երբ օտարներու ներկայութեան կը գտնուինք, կþուզենք բարձրաձայն բացագանչել, որ հայ ենք: Ես պիտի առաջարկէի, որ մեր հայութիւնը ոչ թէ միայն խօսքով, այլ գործով արտայայտենք: Թող մարդիկ մեզ ճանչնան ո’չ մեր խօսքով, այլ` մեր յատկութիւններով»:
Աւարտին ՀԿԲՄ-ի կրթանպաստի յանձնախումբի ատենապետ Վազգէն Խոտանեանի եւ յանձնախումբի անդամուհի Լուսին Պոյամեանի ձեռամբ կրթանպաստի արժանացած եօթը ուսանողներուն յանձնուեցան իրենց պարգեւները:
Պարգեւներու արժանացած ուսանողներն էին` Արամ Աբրահամեան, Շանթ Գուրգէնեան, Իզապէլ Քալանճեան, Արդին Մաթոսեան, Լորի Սեփեթճեան, Արէն Տիգրանեան եւ Ալին Եատիկարեան:




