Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Հրապարակային Զրոյց Կազմակերպութեամբ` Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան

Հրապարակային Զրոյց Կազմակերպութեամբ` Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան

Նիւթ` «Սփիւռքահայ Երիտասարդը Երէկ Եւ Այսօր»

by MassisPost

ԱՆԻ ՄԱՐՍԷԼԵԱՆ

Նախաձեռնութեամբ Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան Վարչութեան, Երեքշաբթի, Մայիս 15, 2023-ի երեկոյեան ժամը 8-ին, Փասատենայի ՀԿԲՄ-ի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հրապարակային «զրոյց Դասախօսութիւն» փունջ մը գիտակից ու ազգասէր մտաւորականներու եւ անձնաւորութիւններու ներկայութեամբ:

«Սփիւռքահայ երիտասարդութիւնը Երէկ Եւ Այսօր» խորագրով այս զրոյցին դասախօսներն էին գրականագէտ, հրապարագիր, ազգային գոծիչ` Յովսէփ նալպանտեան եւ Աստուածաբանութեան մագիստրոսի տիտղոսի արժանացած` Պարթեւ Կիւլիւմեան:

Երեկոն սկիզբ առաւ Ալին Պողարեանի բացման խօսքով, ան շանորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն իրենց քաջալերանքին ու գնահատանքին խումբ մը ազգանուէր երիտասարդներէ բաղկացած նորակազմ Ն.Ս.Մ.Մ-ի վարչութեան, որուն ծրագիրներու եւ գործունէութեան հիմնականնպատակն է մղել գաղութիս երիտասարդութիւնը հայպահպանման , ազգապահպանման եւ հայ մշակոյթի ստեղծման ու տարածման սրբազան առաքելութեան, քաջատեղեակ ըլլալով թէ` հնարաւոր չէ ուժեղ սփիւռք ունենալ առանց ազգային ինքնութեան պահպանման եւ հայկական արմատներու ամրապնդման:

Սեւան Շահինեան եւ Անժէլինա Տէօշօղլանեան յաջորդաբար` ընթերցեցին օրուայ նիւթը ներկայացնող դասախօսներու ազգային, կրթական, հոգեւոր եւ մշակութային բեղուն գործունէութիւնը ծանօթացնող պատուաբեր կենսագրականները հրաւիրելով զանոնք օրուայ նիւթը հրամցնելու ապա` զրուցելու ներկաներուն հետ:

Գրականագէտ Յովսէփ Նալպանտեան հանդէս եկաւ իր ելոյթով շեշտելով սփիւռքահայ երիտասարդի ազգային դիմագիծն ու պատկանելիութիւնը վտանգող սպառնալիքներուն եւ ահազանգներուն վրայ առաւել անդրադառնալով Միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու մեծագոյն դերի անհրաժեշտութեան, հայոց լեզուի, հայկական մշակոյթի, կենցաղի եւ ազգային յիշողութեան եւ գիտակցութեան պահպանման պատախանատու գործին համար , ան նշեց նաեւ հայկական դպրոցներու փակման աւերիչ հետեւանքներուն, խնդրելով պատախանատու անձերէն բծախնդրութեամբ մօտենալ հայ սերունդի ազգային պատկանելիութիւնը ու հայապահպանումը կործանող բոլոր անպատասխանատու որոշումներուն որ կառաջնորդէ ձուլումի եւ հայ սերունդի կործանման:

Հոգեւոր կեանքի եւ եկեղեցւոյ կարեւորագոյն դերին մասին խօսք առաւ Պարթեւ Կիւլիւմեան պարզելով` եկեղեցւոյ մեծագոյն դերի կարեւորութիւնը յատկապէս սփիւռքի բոլոր տարածքներուն վրայ, ուր օտարացման եւ ձուլման պայմաները աւելի հեշտ են ու գրաւիչ նամանաւանդ ` Սոցիալ լրատուամիջոցներու հետեւող ու արհեստագիտութեան եւ արդիկանացման հոսանքին հետ քայլ պահող նոր սերունդին որոնց հայատրոփ հոգին ու մայրենի լեզուն աղաղաղուելով կը հեռացնէ հայ երիտասարդը քրիստոնէութենէ եւ հայեցի դաստիրակութենէ աւելին` մեր նախահայրերէ մեզի ժառանգուած աւանդութիւններէ եւ ընտանեկան սրբութենէ:

Աւարտին, Վարչութեան ատենապետ Յարութիւն Տէրվիշօղլեան ներկաները հրաւիրեց ազատ զրոյցի ուր եղան կարծիքներու փոխանակում եւ շինիչ քննարկումներ ու զրոյցներ, հայկական արմատներու ամրապնդման ու հայ լեզուի ու մշակոյթի զարգացման ուղղութեամբ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment