Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Պատիւ Ունեմ» Կուսակցութիւններու Դաշինքի Նախընտրական Շտաբի Պետը Ընտրակաշառք Տալու Համար Դատապարտուած Է 4 Տարի Բանտարկութեան

«Պատիւ Ունեմ» Կուսակցութիւններու Դաշինքի Նախընտրական Շտաբի Պետը Ընտրակաշառք Տալու Համար Դատապարտուած Է 4 Տարի Բանտարկութեան

by MassisPost

«Պատիւ Ունեմ» կուսակցութիւններու դաշինքի նախընտրական շտաբի պետ Վ. Հ.-ն Արարատի եւ Վայոց ձորի մարզերու Առաջին ատեանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի` 2023 թուականի Մայիս 25-ի դատավճռով, մեղաւոր ճանչցուած է 2021 թուականի Յունիս 20-ին կայացած Ազգային Ժողովի ընտրութիւններուն ընտրողներուն ընտրակաշառք տալու համար:

Այս մասին տեղեկացուցած են Գլխաւոր դատախազութենէն՝ յիշեցնելով, որ «Պատիւ Ունեմ» կուսակցութիւններու դաշինքի նախընտրական շտաբի պետ Վ.Հ.-ն 2021 թուականի Յունիսին նախնական համաձայնութեան եկած էր նոյն շտաբի հաւաքարար Ն.Մ-ի հետ եւ «Պատիւ Ունեմ» կուսակցութիւններու դաշինքի օգտին քուէարկելու համար` Նորամարգ համայնքի շարք մը բնակիչներուն մէկ ձայնի դիմաց տուած էր 15 հազարական դրամ կաշառք:

Ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան համաձայն` 2021 Յունիս 16-18 ինկած ժամանակահատուածին, Նորամարգ համայնքի վարչական տարածքին մէջ, Շտաբի պետ Վ.Հ.-ն  Շտաբի հաւաքարար Ն.Մ.-ի հետ, իսկ վերջինս նաեւ Նորամարգ համայնքի բնակիչներ Է.Կ.-ի եւ Ի.Ա.-ի հետ խումբի կազմին մէջ, նախնական համաձայնութեամբ 645 հազար դրամի չափով կաշառք տուած են Նորամարգ համայնքի շարք մը ընտրողներու:

2023 թուականի Մայիս 25-ին Արարատի եւ Վայոց Ձորի մարզերու Առաջին ատեանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի դատավճիռով` վերոնշեալ անձերը մեղաւոր ճանչցուած են իրենց վերագրուող արարքներու կատարման մէջ. Վ.Հ.-ն դատապարտուած է 4 տարի բանտարկութեան եւ անոր նկատմամբ որպէս խափանման միջոց ընտրուած կալանաւորումը ձգուած է անփոփոխ` մինչեւ դատավճիռը օրինական ուժի մէջ մտնելը: Քաղաքացիներ Ն.Մ.-ն, Է.Կ.-ն եւ Ի.Ա.-ն դատապարտուած են բանտարկութեան 4 տարի ժամկէտով: Դատարանը 18.04.2003 թուականին ընդունուած Քրէական օրէնսգիրքի 70-րդ յօդուածի կիրառմամբ` որոշում կայացուցած է Ն.Մ.-ի, Է.Կ.-ի եւ Ի.Ա.-ի նկատմամբ ազատազրկման ձեւով նշանակուած պատիժը պայմանականօրէն չկիրառել` այդ ընթացքին մշտական բնակութեան վայրը չփոխելու պարտականութեամբ:

Նախաքննութեան ընթացքին յայտնաբերուած եւ առգրաւուած ընտրակաշառքի` 15 հազար, 14 հազար, 10 հազար, 60 հազար դրամ գումարները դատարանի դատավճիռով ենթակայ է բռնագրաւման` յօգուտ Հայաստանի Հանրապետութեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment