Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Երեւանի Մէջ Երկրորդ Անգամ Կազմակերպուեցաւ «Աղօթքի Նախաճաշ» Միջոցառումը

Երեւանի Մէջ Երկրորդ Անգամ Կազմակերպուեցաւ «Աղօթքի Նախաճաշ» Միջոցառումը

by MassisPost

Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ «Աղօթքի նախաճաշ 2026» համագումարի երեկոյեան միջոցառումը, որուն մասնակցեցան Հայաստանէն եւ արտերկրէն աւելի քան 300 բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, պետական այրեր, դիւանագիտական, գործարար եւ հոգեւոր ոլորտներու ներկայացուցիչներ։

Նշանակալի այդ իրադարձութիւնը կազմակերպուած էր «Աշխարհիկ մարդկանց հոգեւոր ակումբ» հասարակական կազմակերպութեան կողմէ։ Միջոցառման նպատակն է խթանել երկխօսութիւնն ու համագործակցութիւնը՝ անոր հիմքին ունենալով Հայաստանի պատմական, քրիստոնէական ինքնութեան, խաղաղութեան, բարոյական սկզբունքներու վրայ հիմնված առաջնորդութեան եւ կրօնական ազատութիւնը։ «Աղօթքի նախաճաշի» հեռահար նպատակն է նաեւ ձեւաւորել տեսլական եւ Հայաստանը դիտարկել որպէս կրօնական ազատութեան ու բարեկեցութեան ուղղուած առաջատար երկիր, որ
ունի հաւատքի, գործընկերութեան, նորարարութեան եւ խաղաղութեան վրայ հիմնուած հասարակութիւն։

 

Ներկաները ողջունեց եւ տէրունական աղօթքով օրհնեց Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի Կաթողիկէ հայոց առաջնորդ արհ․ Տ․ Գէորգ արքեպիսկոպոս Նորատունկեանը:

Միջոցառման գլխաւոր ելոյթը վերապահուած էր ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին։ Ան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Հայաստանին՝ որպէս աշխարհի առաջին քրիստոնեայ պետութեան ժառանգութեան եւ հասարակական կեանքին մէջ անձնական հաւատքի կարեւորութեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment