Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ժողովրդավարութիւնը Հայաստանի Հիմնական Մակնիշն Է, Մեր Խնդիրն Է, Որ Մարդը Ըլլայ Պաշտպանուած Ու Երջանիկ․ Փաշինեան

Ժողովրդավարութիւնը Հայաստանի Հիմնական Մակնիշն Է, Մեր Խնդիրն Է, Որ Մարդը Ըլլայ Պաշտպանուած Ու Երջանիկ․ Փաշինեան

by MassisPost

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կ’ընդգծէ, որ ժողովրդավարութիւնը Հայաստանի հիմնական մակնիշն է: Ժողովրդավարութեան Հայկական Համագումարին ժամանակ ունեցած ելոյթին վարչապետը արձանագրեց, որ Հայաստանի մէջ համացանցը ազատ է, մամուլը ազատ է, ընտրութիւնները ազատ են` շեշտելով, որ այս ամէնը կը ներկայացնէ ոչ թէ որպէս ձեռքբերում, այլ՝ առօրէականութիւն:

«Երբ 2018 թուականին տեղի ունեցաւ ոչ-բռնի, Թաւշեայ յեղափոխութիւնը, եւ մենք ասում էինք, որ ժողովրդավարութիւնը Հայաստանի հիմնական մակնիշն է, շատերը կասկածով էին վերաբերւում, որովհետեւ ասում էին, որ յետյեղափոխական էյֆորիայի պայմաններուն մէջ կառավարութիւնը առանձնապէս ազատութիւնները սահմանափակելու կարիք չունի էլ: Բայց այն փաստը, որ Ժողովրդավարութեան Հայկական Համագումարը առաջին անգամ մեր երկրում տեղի ունեցաւ 2022 եւ ոչ թէ 2019 թուականին, խօսուն փաստ է, որովհետեւ երբ մենք ընդգծում էինք 2018 թուականի արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւնների ազատ լինելը, էլի դա որոշակիօրէն դրւում էր հարցականի տակ` իսկ ինչպիսի՞ն կը լինեն ընտրութիւններն այլ պայմաններում», նշեց վարչապետը:

Վարչապետը ընդգծեց, որ այլ պայմաններու մէջ ընտրութիւնները նոյնպէս տեղի ունեցան` նկատի ունենալով 2021 թուականի արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւնները, որուն նախորդած էր Արցախեան 44-օրեայ պատերազմը:

Փաշինեան նկատեց, որ այդ պարագային ալ արձանագրեցին, որ այդ այլ պայմաններուն մէջ ընտրութիւնները ամենեւին ալ պակաս ազատ եւ ժողովրդավարական չեն:

Անոր խօսքով` այն, որ ժողովրդավարութիւնը Հայաստանի հիմնական մակնիշն է, ամենեւին ալ հանգամանքներու բերումով տեղի ունեցած պատահականութիւններու արդիւնք չէ, այլ գիտակցուած քաղաքական ընթացք է, որ Հայաստանի կառավարութիւնը եւ ժողովուրդը կը վարեն:

Վարչապետը կը շեշտէ, որ շատ լուրջ հաստատութենական բարեփոխումներ դեռ ընթացքի մէջ են, որոնք իրենց հետ պիտի բերեն մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան աւելի բարձր մակարդակ, օրէնքի գերակայութեան աւելի բարձր մակարդակ, հակափտածութեան քաղաքականութեան աւելի բարձր մակարդակ:

Փաշինեան կը համարէ, որ այն տնտեսական բարձր աճը, որ Հայաստանը այսօր ունի, նաեւ տնտեսական ազատութիւններու արդիւնք է․ եթէ տնտեսութիւնը կառավարելի ըլլար եւ  կառավարուող ըլլար պետութեան կողմէ, յատկապէս յետպատերազմեան շրջանին մէջ շատ լուրջ եւ խոր խնդիրներ պիտի ունենայինք, բայց, քանի որ այդ ազատութիւնները հասած են նաեւ տնտեսութեան մակարդակ, ամենադժուար եւ վճռական պահին այդ ազատութիւնները եկան օգնութեան:

Փաշինեան արձանագրեց, որ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան սպառնացող որեւէ ներքին վտանգ չկայ: Բոլոր հնարաւոր վտանգները արտաքին են, որոնք հանրայայտ են եւ բոլորին տեսանելի: Միեւնոյն ժամանակ, ՀՀ վարչապետը կարեւոր կը համարէ, որպէսզի կարենան ապացուցել, որ ժողովրդավարութիւնը ի վիճակի է նաեւ անվտանգութիւն ապահովել:

Ժողովրդավարութիւնը պիտի շարունակէ ըլլալ Հայաստանի հիմնական մակնիշը: Փաշինեան յոյս ունի, որ այն նաեւ յարակից եւ աջակցող մակնիշներ պիտի ունենայ շարունակաբար, որոնցմէ մէկը պիտի ըլլայ տնտեսական բարձր աճը, երկրորդը` խաղաղութիւնը:

Անոր խօսքով` այս եռամիասնութիւնն է, որ պէտք է ծառայէ բուն նպատակին:

«Մենք խօսում էք ազատութիւնների մասին, բայց ազատութիւնը գերնպատակ չէ, ազատութիւնը միջոց է` ապահովելու մարդու բարեկեցութիւնը եւ երջանկութիւնը: Սա է այն բարձրագոյն նպատակը, որը մենք մեր առաջ դնում ենք, որովհետեւ մեր խնդիրը հետեւեալն է, որ ազատութեան եւ ժողովրդավարութեան պայմաններում մարդը Հայաստանում լինի բարեկեցիկ, լինի պաշտպանուած, լինի երջանիկ, կարողանայ զբաղուել իր սիրած գործով եւ իր սիրած գործի արդիւնքներով ապահովի  սեփական բարեկեցութիւնը եւ նաեւ` երկրի բարեկեցութիւնը: Ի հարկէ, ժողովրդավարութիւնը, մեր ընկալմամբ, սրա համար անհրաժեշտ, բայց ոչ-բաւարար պայման է, եւ մենք պէտք է ապահովենք հաստատութենական մնացած պայմանները նոյնպէս, որպէսզի այս տեսլականը դառնայ իրականութիւն», եզրափակեց Փաշինեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment