Կը մեկնարկենք «Զարցանց»ը՝ արեւմտահայերէնով նոր առցանց ծրագիր մը, որուն դռները բաց են աշխարհի չորս ծագերէն երեխաներու, պատանիներու եւ չափահասներու։ Հաճելի, ապահով եւ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ, զանազան աշխատանոցներու ընդմէջէն արեւմտահայերէնը բոլորին առօրեային մաս պիտի կազմէ։ Ծրագիրը պիտի սկսի Սեպտեմբեր 20, 2026 թուականին։
Զարցանցէն ներս 3 տարեկանէն սկսեալ բոլոր երեխաները, պատանիները եւ չափահասները առիթ պիտի ունենան արեւմտահայերէնով արտայայտուելու, միտքեր փոխանակելու, ստեղծելու, յայտնաբերելու, կարդալու, գծելու, գրելու, երգելու, խաղալու, եւ այսպէսով բնականօրէն զարգացնելու իրենց լեզուական կարողութիւնները եւ փորձառութիւնները։ Խմբային աշխատանոցներու մասնակցելով, անոնք շաբաթը 3-էն 5 ժամ պիտի կարենան սուզուիլ արեւմտահայերէնին մէջ։
«Զարմանազան» ամառնային ծրագիրի առցանց փորձառութենէն ծնունդ առած «Զարցանց»ը առցանց վայր մըն է, ուր լեզուն բնականօրէն կ՚ապրի՝ հիմնուած նորարարական մանկավարժական ու ընկերային սկզբունքներու վրայ։
Ծրագիրը բաց է թէ՛ սկսնակներուն, թէ՛ արդէն հայերէն խօսողներուն, թէ՛ կարդալ-գրել փափաքողներուն, թէ ալ պարզապէս լեզուն աւելի կիրարկելու առիթներ փնտռողներուն։
Զարցանցը Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան նախաձեռնութիւնն է եւ կը կազմակերպուի Լիոնի «Հազար ու մէկ աշխարհ» ընկերակցութեան կողմէ։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու եւ արձանագրութեան համար կարելի է այցելել zartsants.com կայքէջը։

