Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Արցախի ԱԱԾ-ն Կը Յայտնէ Պետական Դաւաճանութեան Նոր Դէպք Բացայայտելու Մասին

Արցախի ԱԱԾ-ն Կը Յայտնէ Պետական Դաւաճանութեան Նոր Դէպք Բացայայտելու Մասին

by MassisPost

Արցախի Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւնը (ԱԱԾ) կը յայտնէ պետական դաւաճանութեան նոր դէպք բացայայտելու մասին:

Ըստ ԱԱԾ-ի տարածած հաղորդագրութեան, գործնական-հետախուզական միջոցառումներու շնորհիւ պարզուած է, որ Արցախի բնակիչ, Պաշտպանութեան բանակի «N» զօրամասի զինուորը 2021 թուականի Յուլիսին յայտնուած է օտարերկրեայ յատուկ ծառայութիւններու ուշադրութեան կեդրոնին, հաւաքագրուած է անոնց կողմէ` պարտաւորուելով վարձատրութեան դիմաց հաւաքել եւ օտարերկրեայ յատուկ ծառայութիւններուն յանձնել ռազմական բնագաւառի պետական եւ ծառայողական գաղտնիք կազմող տեղեկութիւններ:

Վերջինս, ըստ հաղորդագրութեան, հաւաքած եւ իր կողճէ օգտագործուող տարբեր բջջային յաւելուածներու միջոցով օտարերկրեայ յատուկ ծառայութեան ներկայացուցիչին յանձնած է իր ծառայութեան վայրին, ստորաբաժանման ուղղուածութեան, տեսակին եւ քանակին, առկայ զինատեսակներուն, հրամանատարական կազմին, մարտական դիրքերուն եւ մարտական հերթապահութեան վերաբերեալ, «այդ կերպ կատարելով պետական դաւաճանութիւն` ի վնաս Արցախի տարածքային անձեռնմխելիութեան եւ արտաքին անվտանգութեան»:

Անոր ներկայացուած է մեղադրանք, դատարանին որոշմամբ անոր նկատմամբ որպէս խափանման միջոց կիրառուած է կալանաւորումը:

Քրէական վարոյթով նախաքննութիւնը կը շարունակուի:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment