Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ունինք Փաստերը Պնդելու, Որ Վլատիմիր Գասպարեանին Կը Պատկանին Օրինական Եկամուտներով Չհիմնաւորուող Գոյքեր. Դատախազ

Ունինք Փաստերը Պնդելու, Որ Վլատիմիր Գասպարեանին Կը Պատկանին Օրինական Եկամուտներով Չհիմնաւորուող Գոյքեր. Դատախազ

by MassisPost

Նախկին ոստիկանապետ Վլատիմիր Գասպարեանը ներկայ չէր իր ունեցուածքի բռնագանձման դատավարութեան: Իսկ անոր փաստաբանը առարկեց դատախազութեան դիմումին, որով իրաւապահները Գասպարեաններէն կը պահանջեն պետութեան փոխանցել շուրջ 5 միլիոն տոլարի գոյք ու աւելի քան 425 հազար տոլար: Դատախազութեան գնահատմամբ` նախկին բարձրաստիճան պաշտօնեան այս ունեցուածքը ապօրինի ձեռք բերած է:

Գասպարեաններուն փաստաբանը պահանջեց, որ նիստը չնկարահանուի: Դատախազ Համլետ Յարութիւնեանը, մինչդեռ, նիստէն յետոյ «Ազատութեան» հետ զրոյցին պնդեց, որ իրենց հայցը հիմնաւոր է:

«Եթէ մենք չունենայինք, մեր դիտարկմամբ, անհրաժեշտ այն փաստական տուեալների ծաւալը եւ այն ապացոյցները, որոնք, մեր դիտարկմամբ, որոշակի գոյքերը գնահատել ենք օրինական եկամուտներով չհիմնաւորուող, այդ պարագայում մենք հայցադիմում ներկայացնելու առհասարակ ի սկզբանէ չէինք ունենայ: Հետեւաբար, եթէ ուսումնասիրութեան արդիւնքներով կազմուել է ամփոփագիր, այնուհետեւ եզրակացութիւն եւ որոշում է կայացուել հայցադիմում ներկայացնելու դատարան, ապա դատախազութեան գնահատմամբ` իր ձեռքի տակ առկայ են այն բոլոր անհրաժեշտ փաստերը եւ ապացոյցները, որոնց հիման վրայ մենք մեր գնահատականները կարող ենք ներկայացնել, որ Վլատիմիր Գասպարեանին պատկանում են որոշակի ծաւալով եւ օրինական եկամուտներով չհիմնաւորուող գոյքեր», նշեց ան:

18 տարի բարձր պաշտօններ զբաղեցուցած 64-ամեայ Գասպարեանը կ’անցնի փտածութեան շարք մը գործերով: 2018-ի յեղափոխութենէն յետոյ ոստիկանապետի պաշտօնէն ազատուած զօրավար-լեյթենանթի ու ընտանիքի անդամներուն հետ դատարանին մէջ իր ունեցուածքին օրինականութիւնը պէտք է ապացուցէ նաեւ զոքանչը: Ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման գործերով վարչութեան դատախազը չյստակեցուց` արդեօ՞ք իրենց թիրախին է նաեւ Գասպարեանի ընտանիքին պատկանող Մոնումենթի յայտնի դղեակը, որ սկիզբը գնած էր զոքանչը, յետոյ վաճառած էր թոռնիկին` կրտսեր Գասպարեանին:

«Միայն կարող եմ նշել, որ ինչպէս նախկինում դատախազութիւնը նաեւ տարածել էր յայտարարութիւն, եւ նաեւ լրատուամիջոցներով էինք մենք հանդէս եկել, մենք նշել էինք, որ այս պահի դրութեամբ օրինական եկամուտներով չհիմնաւորուող են գնահատուել դատախազութեան կողմից Երեւան քաղաքում թիւով չորս անշարժ գոյքեր, Կոտայքի եւ Գեղարքունիքի մարզերում թիւով երեք անշարժ գոյքեր, երեք փոխադրութեան միջոց, աւանդային միջոց, եւ որոշակի նաեւ դրամական պահանջ է ներկայացուել», յաւելեց դատախազը:

Գլխաւոր Դատախազութիւնը արդէն նախկին պաշտօնեաներուն դէմ աւելի քան երկու տասնեակ հայց ուղարկած է դատարան: Անոնց օրերս աւելցած են նախկին բարձրաստիճան պաշտօնեաներ Գէորգ Կոստանեանի եւ Տարօն Մարգարեանի ունեցուածքը ապօրինի որակելու դիմումները: Իրաւապահները կը պնդեն, որ թէ՛ նախկին գլխաւոր դատախազին, թէ՛ Երեւանի նախկին քաղաքապետին ունեցուածքը կասկածելի ճանապարհով ձեռք բերուած են, եւ եթէ անոնք դատարանին մէջ չապացուցեն հակառակը, ապա միլիոններու հասնող գոյքն ու եկամուտները պիտի փոխանցուին պետութեան:

Ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման օրէնքը կը գործէ 2020 թուականէն: Դատախազութեան տուեալներով` մինչեւ 2022 թուականը կատարած են 356 ուսումնասիրութիւն, 67 գործերով գոյքերն ու եկամուտները արգելանքի տակ դրուած են: Դատարանին մէջ քննուող 21 դիմումներով Դատախազութիւնը կը պահանջէ պետութեան փոխանցել աւելի քան 100 միլիառ դրամ: Այս գործերով տակաւին ուժի մէջ մտած վճիռ չկայ` որեւէ նախկին բարձրաստիճան պաշտօնեայ գոյք ու գումար պետութեան չէ փոխանցած:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment