Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Պէտք Է Խուսափիլ Իրավիճակը Աւելի Փակուղային Դարձնող Քաղաքական Յայտարարութիւններէն. ՀՀ Վարչապետ

Պէտք Է Խուսափիլ Իրավիճակը Աւելի Փակուղային Դարձնող Քաղաքական Յայտարարութիւններէն. ՀՀ Վարչապետ

by MassisPost

Պէտք է խուսափիլ իրավիճակը աւելի փակուղային դարձնող քաղաքական յայտարարութիւններէն, Լեռնային Ղարաբաղը պէտք է հնարաւորութիւն չտայ, որ ոեւէ մէկը զայն մեղադրէ կառուցողական խօսակցութիւնը խափանելու մէջ, կառավարութեան նիստին սկիզբը յայտարարեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը` ակնյայտօրէն նկատի ունենալով Արցախի Անվտանգութեան Խորհուրդին յայտարարութիւնը: Փաշինեանը չյստակացուց, թէ Արցախէն հնչած յատկապէս որ յայտարարութիւնները փակուղի տանող կը համարէ:

«Լեռնային Ղարաբաղի ժողովրդի ու իշխանութեան արձագանգը պէտք է լինի անհամաչափ: Իրադարձութիւնների, իրադրութիւնների մեր գնահատականները պէտք է լինեն փաստահենք: Պէտք է խուսափել իրադրութիւնն էլ աւելի փակուղային դարձնող քաղաքական յայտարարութիւններից, որովհետեւ վերջնակէտին հասնելու յստակ պատկերացումներով չզուգորդուած յայտարարութիւնները որեւէ օգուտ չեն տալիս: Եւ յետոյ, Ատրպէյճանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի միջեւ պէտք է սկսուի քաղաքական խօսակցութիւն, եւ Լեռնային Ղարաբաղի մեր գործընկերները պէտք է հնարաւորութիւն չտան, որ ոեւէ մէկը իրենց մեղադրի կառուցողական խօսակցութիւնը խափանելու մէջ», ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment