Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայկական Կողմը Կը Հաւատայ, Որ Կայ Յարատեւ Խաղաղութիւն Հաստատելու Իրական Հնարաւորութիւն. Միրզոյեանի Հարցազրոյցը «Al-Jazeera»-ին

Հայկական Կողմը Կը Հաւատայ, Որ Կայ Յարատեւ Խաղաղութիւն Հաստատելու Իրական Հնարաւորութիւն. Միրզոյեանի Հարցազրոյցը «Al-Jazeera»-ին

by MassisPost

Ապրիլ 28-29-ին Քաթարի Պետութիւն պաշտօնական այցի շրջանակներուն մէջ ՀՀ արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանը հարցազրոյց տուած է համաարաբական առաջատար՝ շուրջ կէս միլիոն լսարան ունեցող լրատուամիջոց «Al-Jazeera»-ին։ Հարցազրոյցը հրապարակուած է արաբերէն ու անգլերեն տարբերակներով։

Հարցազրոյցին մէջ անդրադարձ կատարուած է տարածաշրջանին մէջ երկարատեւ խաղաղութեան հասնելու ՀՀ տեսլականին, Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին, ՀՀ կառավարութեան կողմէ մշակուած «Խաղաղութան խաչմերուկ»ին, Կազայի շուրջ իրավիճակի եւ հակամարտութեան կարգաւորման հարցով ՀՀ մօտեցման, ինչպէս նաեւ Ռուսաստանի, Եւրոմիութեան ու ԱՄՆ-ի հետ ՀՀ յարաբերութիւններուն առնչուող հարցումներու։

Հարց․- Անմիջապէս անդրադառնանք Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւններուն: Ի՞նչ վիճակի մէջ են անոնք հիմա՝ Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ զարգացումներէն յետոյ:

Պատասխան․- Գիտէք, որ մենք սկսած ենք խաղաղութեան գործընթաց ատրպէյճանական կողմին հետ, եւ հայկական կողմը իսկապէս կը հաւատայ, որ կայ յարատեւ խաղաղութիւն հաստատելու իրական հնարաւորութիւն՝ հիմնուելով յստակ սկզբունքներու վրայ, օրինակ՝ տարածքային ամբողջականութեան ճանաչումը: Հայաստանի վարչապետը եւ Ատրպէյճանի նախագահը հրապարակայնօրէն հաւաստած են, եւ մենք քանի մը անգամ հաստատած ենք, որ երկիրներուն միջեւ տարածքային ամբողջականութեան փոխադարձ ճանաչումը պէտք է տեղի ունենայ եւ սահմանէ հետագայ սահմանազատման գործընթացը պէտք է տեղի ունենայ 1991 թ. Ալմա-Աթայի հռչակագրի  հիման վրայ: Սա փաստաթուղթ է, որ ստորագրուած է նախկին Խորհրդային Միութեան տասնմէկ Սոցիալիստական Հանրապետութիւններուն կողմէ 1991 թուականին, եւ այս փաստաթուղթին մէջ այդ հանրապետութիւնները արձանագրած են, որ Սոցիալիստական Հանրապետութիւններուն միջեւ նախկին վարչական սահմանները այժմ կը ճանչցուին որպէս արդէն անկախ պետութիւններու միջեւ միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններ։

Ըստ էութեան, մենք ունինք սահման, փոխադարձօրէն ճանչցուած տարածքային ամբողջականութիւն եւ սահմանազատում հիմնուած Ալմայ Աթայի հռչակագրին վրայ. սա կը նշանակէ, որ 1991 թուականին եղած սահմանները պէտք է ներկայիս վերարտադրուին: Վերջերս սահմանազատման հարցերով զբաղող կոմիտէին ղեկավարները՝ երկու երկիրներու փոխվարչապետերը, եկան համաձայնութեան, որ սահմանազատումը պէտք է տեղի ունենայ Ալմա-Աթայի հռչակագրի հիման վրայ, իսկ սահմանազատման յանձնաժողովներու համատեղ գործունէութեան մասին կանոնակարգին մէջ նոյնպէս պէտք է յղում կատարուի Ալմա-Աթայի հռչակագրին: Սա սկզբունքներէն մէկն է, եւ եթէ մենք յաջողինք յիշատակել Ալմա-Աթայի հռչակագիրը որպէս սահմանազատման քաղաքական հիմք եւ որպէս տարածքային ամբողջականութեան փոխադարձ ճանաչման քաղաքական հիմք խաղաղութեան պայմանագրի նախագիծին մէջ, որուն շուրջ մենք այժմ կը բանակցինք, ապա կարելի է ըսել, որ շատ մօտ ենք վերջնական կարգաւորման։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment