Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Կը Շարունակենք Հաւատալ, Որ Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Միջեւ Խաղաղութիւնը Հնարաւոր Է. Փաթել

Կը Շարունակենք Հաւատալ, Որ Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Միջեւ Խաղաղութիւնը Հնարաւոր Է. Փաթել

by MassisPost

ԱՄՆ պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընը անձամբ ներգրաւուած է Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ։

Այս մասին ճեպազրոյցի ժամանակ ըսած է Պետական Քարտուղարութեան խօսնակ Վետանթ Փաթելը:

«Սա աշխարհի այն հատուածն է, որու խնդիրներու լուծման գործով պետական քարտուղարը անձամբ խորապէս ներգրաւուած է։ Իր պաշտօնավարման ընթացքին ան պարբերաբար համագործակցած է այդ երկու երկիրներուն հետ»,- նշած է ան:

Փաթել յաւելած է, որ ԱՄՆ կը շարունակէ հաւատալ, որ երկիրներուն միջեւ խաղաղութիւնը հնարաւոր է, եւ ԱՄՆ պիտի շարունակէ աշխատիլ այդ ուղղութեամբ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment