Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Գերմանիա. Հայոց Ցեղասպանութեան Բանաձևի Համահեղինակ Օզդեմիրին Վիրաւորողները Տուգանուած են

Գերմանիա. Հայոց Ցեղասպանութեան Բանաձևի Համահեղինակ Օզդեմիրին Վիրաւորողները Տուգանուած են

by MassisPost

Գերմանական դատարանը տուգանած է 2 անձ, որոնք վիրաւորած եւ սպառնացած են Գերմանիոյ խորհրդարանի պատգամաւորներ Ճեմ Օզտեմիրին եւ Սեւիմ Տաղտելենին:

«Կանաչներու կուսակցութեան» համանախագահ Օզտեմիրը եւ «Ձախերու կուսակցութիւն»-ը ներկայացնող Տաղտելենը, ըստ «Deutsche Welle» գերմանական լրատուականի թրքական ծառայութեան, Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւի ընդունման պատճառով ընկերային ցանցերու մէջ ատելութեան եւ վիրաւորանքներու թիրախ դարձած են, կը փոխանցէ «ermenihaber.am»-ը: Կը նշուի նաեւ, որ վիրաւորանք հասցնող թուրքերէն մէկը տուգանուած է 600, միւսը` 700 եւրոյով:

Պատգամաւոր Տաղտելենը ողջունած է դատարանի այդ որոշումը եւ յոյս յայտնած, որ նման քայլը զսպող ազդեցութիւն պիտի ունենայ: Պատգամաւորը ընդգծած է, որ բացի վիրաւորանքներէն եղած են նաեւ բռնութեան եւ մահուան սպառնալիքներ, որոնք նոյնպէս պէտք է չէզոքացնել:

Ճեմ Օզտեմիր դրական գնահատած է, որ վիրաւորանքը եւ սպառնալիքը պատժելի արարք դիտուած են դատարանին կողմէ:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment