Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Կը Կիսեմ ԵԽԽՎ Զեկոյցին Բոլոր Մտահոգութիւնները․ Փաշինեան

Կը Կիսեմ ԵԽԽՎ Զեկոյցին Բոլոր Մտահոգութիւնները․ Փաշինեան

by MassisPost

«Կիսում եմ ԵԽԽՎ զեկոյցի բոլոր մտահոգութիւնները»,- այս մասին ըսած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կառավարութեան մէջ Հոկտեմբեր 1-ին՝ ճեպազրոյցի ժամանակ։

Վարչապետին խօսքով՝ ԵԽԽՎ առաջարկները այժմ կը վերլուծեն եւ կը քննարկեն փորձագիտական մակարդակով։

«Եւրոպական Խորհուրդն այն կառոյցն է, որի առաջարկների իրականացումը երբեք վնաս չի բերի։ Թոյլ տուէք դա փորձագիտական մակարդակով քննարկել։

«Մենք ընտրութիւններից անմիջապէս յետոյ ենք արձանագրել, որ ընտրական համակարգում պէտք է շատ լուրջ փոփոխութիւններ կատարենք, որպէսզի այն իրադրութիւնները, որ ստեղծուել են կամ բացառենք, կամ դրանց ազդեցութիւնը զրօականի հասցնենք»,- ըսած է վարչապետը։

Եւրոպայի Խորհուրդի Խորհրդարանական Վեհաժողովը Սեպտեմբեր 28-ին հրապարակած է Յունիս 7-ին Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններու դիտարկման զեկոյցին մէջ։

ԵԽԽՎ-ն հիմնական մտահոգութիւնը արտայայտած է Կեդրոնական Ընտրական Յանձնաժողովի որոշման վերաբերեալ, որով առանց պատշաճ հիմնաւորման ու կրկնաքուէարկութեան անվաւեր ճանչցուած են երեք տեղամասերու արդիւնքները՝ զրկելով «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան խորհրդարան անցնելու հնարաւորութենէն եւ ազդելով ընտրողներու պատշաճ ներկայացուածութեան վրայ։

Բացի անկէ, ընտրութիւնները ընթացած են խիստ բեւեռացուած միջավայրի մէջ, ուր կիրառուած են վարչական ու ֆինանսական միջոցներ, աշխատակիցներու նկատմամբ գործադրուած են ճնշումներ, իսկ իրաւապահ մարմիններու քայլերն ու Հանրային հեռուստատեսութեան լուսաբանումը կողմնակալ բնոյթ կրած են օգուտ իշխող ուժին։

Զեկոյցին մէջ առանձնայատուկ շեշտուած է նաեւ արտաքին աննախադէպ միջամտութիւնը, յատկապէս Ռուսաստանի կողմէ կիրառուած տնտեսական ճնշումներն ու տեղեկատուական արշաւները, ինչպէս նաեւ դիտարկուած տեղամասերու շուրջ 44 տոկոսին մէջ արձանագրուած ընթացակարգային եւ քուէարկութեան գաղտնիութեան խախտումները։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment