Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան դատական հայց ներկայացուցած է Ազգային Ժողովի «Ուժեղ Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Էտկար Ղազարեանի դէմ։ «Դատալեքս» դատական տեղեկատուական համակարգին տուեալներով՝ հայցադիմումը Երեւանի քաղաքացիական դատարան մուտքագրուած է Հոկտեմբեր 1-ին եւ մակագրուած է դատաւոր Մարինա Տաշչեանին։
Նիկոլ Փաշինեան կը պահանջէ պարտաւորեցնել Էտկար Ղազարեանին հրապարակայնօրէն հերքելու 2026-ի Սեպտեմբեր 27-ին տրուած հարցազրոյցի ընթացքին Նիկոլ Փաշինեանի հասցէին հնչեցուցած արտայայտութիւնները։ Խօսքը պատգամաւորի այն յայտարարութեան մասին է, թէ 2020-ի Հոկտեմբեր 6-ին Ստեփանակերտի մէջ կատարած խորհրդակցութենէն յետոյ Փաշինեան «սկսել է թշնամիին ուղիղ տեղեկութիւններ տալ»։
Ըստ դատական հայցին՝ հերքումը պէտք է իրականացուի «News.am» լրատուականի ուղիղ եթերով՝ առանց յաւելումներու կամ մեկնաբանութիւններու, ուր պատասխանողը պէտք է ընթերցէ գրութիւն առ այն, որ հնչեցուած տեղեկութիւնները սուտ են եւ չեն համապատասխաներ իրականութեան։ Փաշինեան նաեւ կը պահանջէ Էտկար Ղազարեանէն յօգուտ իրեն բռնագանձել 6 միլիոն դրամ՝ որպէս փոխհատուցման գումար։

