Հայաստանի Պետական Եկամուտներու Կոմիտէն կը յայտնէ, որ Հարկային Մարմինին կողմէ հրապարակուած է 2021 թուականի Յունուար-Դեկտեմբեր ամիսներու ընթացքին առաջին 1000 մեծ հարկ վճարողներուն կողմէ վճարուած հարկերուն վերաբերեալ տեղեկատուութիւնը:
1000 մեծ հարկ վճարողներու կողմէ 2021 թուականի 12 ամիսներուն ընթացքին պետական պիւտճէ ընդհանուր առմամբ վճարուած է աւելի քան 1 թրիլիոն 206 միլիառ դրամ: Հարկային Մարմին կատարուած վճարումներուն գումարը կազմած է աւելի քան 989 միլիառ 980 միլիոն դրամ, իսկ Մաքսային Մարմին կատարուած վճարումներուն գումարը կազմած է աւելի քան 216 միլիառ 881 միլիոն դրամ:
1000 մեծ հարկ վճարողներուն վերաբերեալ ցանկերը հասանելի են ՊԵԿ պաշտօնական կայքի «Հարկ վճարողներու վերաբերեալ տեղեկատուական ցանկեր» բաժնին մէջ: Ցանկը հրապարակուած է հիմք ընդունելով ներկայիս գործող ՀՀ կառավարութեան որոշմամբ սահմանուած չափորոշիչները, մասնաւորապէս` ցանկին մէջ ներառուած են պետական եւ համայնքային կառավարչական հիմնարկները: